Երեքշաբթի, 14. 01. 2025

spot_img

«Սումկայիթեան Օրագիր» Գիրքի Անգլերէն Տարբերակը Հասանելի Է Նաեւ Առցանց

Սումկայիթի ջարդերուն մասին Բակուր Կարապետեանի «Սումգայիթեան օրագիր» գիրքի անգլերէն տարբերակը արդէն հասանելի է բոլորին:

Գիտութիւններու ազգային ակադեմիաի մէջ տեղի ունեցած է գիրքին շնորհանդէսը: Անիկա ելեկտրոնային տարբերակով տեղադրուած է «Հիմնարար հայագիտութեան» կայքին մէջ, որ կը կարդան աշխարհի 110 երկիրներու մէջ:

Գիրքը 1988 թուականի Փետրուար 27-29-ին Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հայերու ջարդերուն մասին է: Դէպքերէն մէկ ամիս անց գիրքին հեղինակը մեկնած է Սումկայիթ, տեղւոյն վրայ արձանագրած է ջարդերուն պատմութիւնները: Բակուր Կարապետեան հանդիպած է նաեւ ջարդերու կազմակերպիչներուն, այցելած տարբեր վայրեր, եղած խմբագրութիւններ եւ թաքնուած տեսախցիկով արձանագրած է դէպքերուն մասին պատմող ամէն ինչ:

Արդիւնքը «Սումկայիթեան ալիքներ» 54 վայրկեաննոց տեսաֆիլմն է եւ «Սումկայիթեան օրագիր» աշխատութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին