Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

Պաշտօնական Յայտարարութիւն

29 Փետրուար 2016

Յարգելի ընկերուհիներ եւ ընկերներ,

Վերջերս շրջանառութեան մէջ դրուած են կարգ մը ապօրինի եւ կեղծաշունչ գրութիւններ, ստորագրուած ընկերներ՝ Էտմոն Ազատեանի, Գէորգ Երզնկացեանի, Հրաչ Գույումճեանի (Գումրուեան), Արտաւազդ Մելքիսէթեանի, Յակոբ Վարդիվառեանի եւ Վարդան Նազիրեանի կողմէ: Սոյն յայտարարութեամբ կոչ կ’ուղղենք ձեզի անտեսելու վերոյիշեալ անհատներուն յայտարարութիւնները, որովհետեւ անոնք ոչ մէկ առնչութիւն ունին կուսակցութեանս օրինականութեան, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան հետ:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը կը դատապարտէ այս արարքները եւ բոլորին կը յիշեցնէ, թէ բողոքելու, քննադատելու եւ գնահատելու օրինական վայրը իւրաքանչիւր սրտցաւ կուսակցականի համար պէտք է ըլլայ Կուսակցութեանս Գերագոյն Օրէնսդիր Մարմինը՝ Կեդրոնական Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովը՝ այս պարագային ՌԱԿ 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ քաղաքամայր Երեւանի մէջ, 24-29 Մայիս 2016-ին:

Վերոյիշեալները կը ներկայացնեն խումբ մը եսակեդրոն անհատներ, որոնք Աթէնքի մէջ գումարուած 24-րդ Ընդհ. Պատգամաւորական Ժողովին կորսնցուցին իրենց ղեկավար դիրքերը, անցեալին ապաշնորհ գործունէութիւն ծաւալելու պատճառով: Իսկ ներկայիս անոնք կը շարունակեն գժտուածութիւն տարածել ՌԱԿ-ի շարքերուն մէջ:

Այս ընկերները բացակայ եղած են վերջին երեք Ընդհ. Պատգամաւորական Ժողովներէն: Իսկ օրերս հաւատարիմ մնալով իրենց հին գործելաոճին, կը շարունակեն պառակտողական եւ հակականոնադրական գործունէութիւնը, փորձելով ՌԱԿ-ի անաղարտ անունը արատաւորել, որ ծայրագոյն վատ արարք է մեր բոլորին սիրելի կուսակցութեան նկատմամբ:

Վերոյիշեալները օրերս իւրաքանչիւր շրջանակի մէջ, իրենց կասկածելի ու հարցական վարք ու բարքով բոլորին ծանօթ, քանի մը պատեհապաշտ անհատներու գլուխը անցած ապարդիւն կը փորձեն՝ տուեալ շրջանակի մը անդորրը խանգարել կամ ի զուր կը ջանան տեղւոյն ղեկավարութեան պատիւը արատաւորել:

Դարձեալ վերոյիշեալ խմբակին անդամներէն ոմանք, ապօրինի կերպով տիրած են ՌԱԿ-ի եւ կուսակցապատկան ԹՄՄի  ունեցուածքին, նամանաւանդ ԱՄՆերու մէջ, եւ փոխանակ այդ բոլորը ծառայեցնելու կուսակցութեան եւ անոր յարակից կառոյցներուն, մասնաւորաբար դպրոցներուն, կը ծառայեցնեն իրենց քմահաճոյքին:

Հայ դպրոցն ու հայեցի դաստիարակութիւնը կը հանդիսանան հայապահպանման սիւներէն: Վերոյիշեալ ընկերները յաճախ կը ճամարտակեն բարձր իտէալներու եւ հայապահպանման մասին, սակայն միւս կողմէ կը փակեն Լոս Անճելըսի խոշորագոյն դպրոցներէն մին՝ Արշակ Տիգրանեան վարժարանը. իսկ հասո՞յթը… աւա~ղ կը վատնեն նման պառակտիչ հաւաքներու, օդանաւերու տոմսեր բաժնելու եւ պանդոկներու մէջ մսխելու:

Դժբախտաբար անոնք յափշտակած են ՌԱԿ-ի անունն ու զինանշանը, ինչպէս նաեւ կուսակցական մամուլի որոշ միաւորներ, որոնք անբարոյ կերպով կը գոծածեն յագուրդ տալու համար իրենց նեղ եսասիրութեան: Կոչ կ’ուղղենք բոլոր ընկեր-ընկերուհիներուն, զգուշանալու նմանատիպ գրութիւններ տարածողներէ եւ  անոնց անհաւասարակշիռ պոռթկումներէն:

Արդէն յստակ է որեւէ ուղղամիտ դիտորդի համար, որ վերոյիշեալ անձինք յաճախ կը ցուցաբերեն սուր իշխանատենչութեան ախտանշաններ: Ինչպէս 95 տարիներէ ի վեր մեր ղեկավարները ընտրուած են կարգապահօրէն, վերոյիշեալները թող ընտրուին իրենց ցանկացած պաշտօններուն օրինապահօրէն, ռամկավարօրէն՝ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին միջոցով միմիայն, առանց յենելու դաւադրութիւններու եւ մութ գործարքներու վրայ:

Սիրելի ընկերուհիներ եւ ընկերներ, կը հրաւիրենք բոլորդ, ինչպէս նաեւ վերոյիշեալ անհատները, որպէսզի ներկայանաք ՌԱԿ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովի նախօրէին գումարուելիք «Ընդհանուր Ղեկավարութեան Խորհրդակցական Ժողովին» եւ ձեր մտահոգութիւնները արտայայտէք այնտեղ: Հարկ է նշել, որ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը նշանակած է ընկեր Յակոբ Անդրէասեանը, որպէսզի կազմէ յանձնախումբ մը, «Ընդհանուր Ղեկավարութեան Խորհրդակցական Ժողով» կազմակերպելու համար, առանց որեւէ յետագայ միջամտութեան Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ, նպատակ ունենալով ապահովել սոյն խորհրդաժողովին անկաշկանդ աշխատանքը:

Սիրելի ընկերներ եւ ընկերուհիներ, Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին մասին լրացուցիչ տեղեկութիւններ կը հաղորդենք շուտով: Յոյսով ենք, որ յառաջիկայ Մայիսին ձեզմէ շատերուն կը հանդիպինք Երեւանի մէջ:

Ընկերական ողջոյններով,

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին