Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Սումկայիթի Ջարդերու Տարելիցին Ֆրանսայի Մէջ Պիտի Իրականանան Շարք Մը Ձեռնարկներ

Ֆրանսայի հայկական համայնքը Սումկայիթի մէջ հայերու նկատմամբ իրականացած ջարդերու տարելիցին առիթով, կը նախատեսէ կազմակերպել շարք մը ձեռնարկներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը։

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ   Մուրատ Փափազեան յայտնած է, թէ յառաջիկայ օրերուն Սումկայիթի ջարդերու թեմայով պիտի իրականանան դասախօսութիւններ, պիտի կազմակերպուին կլոր-սեղաններ, ինչպէս նաեւ աշխատելով տեղի լրատուամիջոցներու հետ պիտի հրապակուին յօդուածներ:

«Պէտք է մշտապէս յիշուին այդ ողբերգական օրերը, պէտք է բարձաձայնել այդ մասին: Բացի այդ անհրաժեշտ է  ընդգծել խաղաղութեան դէմ Ազրպէյճանի իրականացուցած եւ իրականցնող գործողութիւնները», ըսած է Մուրատ Փափազեան:

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահը ընդգծած է, որ Ֆրանսայի մէջ Ազրպէյճանը կը տանի բաւական աշխոյժ գործունէութիւն:

«Շատ աշխոյժ են, լուրջ ներդրումներ կը կատարեն քարոզչութեան գործին մէջ, կ՛աշխատին տարբեր հարթակներու վրայ: Անոնց եւ մեր միջոցները անհամեմատելի են: Բայց մենք մեր ունեցած ուժերով կրնանք հակազդել եւ բաւական արդիւնաւէտ: Ըսեմ, որ Ֆրանսայի հասարակութեան մէջ ազրպէյճանցիներու վարկը դրական չէ», աւելցուցած է Մուրատ Փափազեանը:

Յիշեցնենք, որ 1988 Փետրուար 27-­ին Պաքուէն ոչ հեռու գտնուող Սումկայիթ քաղաքին մէջ, ազրպէյճանական իշխանութիւնները սկսան հայ բնակչութեան բնաջնջումը, որ կ՛ուղեկցուէր հայերու ունեցուածքի թալանով եւ ոչնչացմամբ: ԽՍՀՄ ղեկավարութեան լռութեան պայմաններու մէջ՝ երեք օրուան կոտորածներու ընթացքին ՝ սպաննուեցան եւ վիրաւորուեցան հարիւր­աւոր հայեր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին