Ֆլորիտայի մէջ բնակող հայ գործարար Սերգէյ Պետրոսովը ստեղծած է յայտնի Uber օդանաւերու տարբերակը, որ կը թոյլատրէ ամրագրել ազատ տեղեր մասնաւոր պիզնըս-դասի օդանաւերուն մէջ, սովորական օդանաւային ընկերութիւններու պիզնըս-դասին մօտ գիներով:
Ինչպէս կը գրէ Bloomberg-ը Պետրոսով կը պնդէ, որ գործարար-օդանաւերը կ’օգտագործուին իր կարողութիւններու սահմանափակ չափով. օդանաւերը կամ կիսադատարկ կ’երթեւեկեն, կամ ամիսներով կանգնած են օդակայաններու մէջ: Համակարգը կը թոյլատրէ պատուիրել օդանաւեր անոնց, որոնք կրնան թոյլ տալ պիզնըս-դասի կամ աւելի թանկ տոմսեր, սակայն չեն կրնար պատուիրել ամբողջ ինքնաթիռը: Պետրոսովի գնահատականներով ծառայութեան հնարաւոր սպառող են մօտ 2.5 մլն ուղեւորներ, սակայն գիներու նուազման հետ մէկտեղ Jetsmarter-ը հասանելի կը դառնայ մինչեւ 15 միլիոն ուղեւորներու:
panarmenian.net-ի փոխանցմամբ` համակարգին միացած են 3100 օդանաւեր, յաւելուածը ներբեռնած է 350 հազար մարդիկ, ծառայութենէն 2015 թուականին օգտուած են 35000 ուղեւորներ, ընդ որում վերջին եռամսեակին ուղեւորահոսքը աճած է 135%-ով: Ընկերութեան ներդնողներէն են յայտնի ռեփըր եւ գործարար Jay-Z-ն, ինչպէս նաեւ սէուտական արքայական ընտանիքը. վերջինիս ներդրումները կազմած էն $ 26.1 մլն:
Ծառայութիւնը տուեալ պահուն հասանելի է Լոնտոնի, Փարիզի եւ Ճենովայի մէջ, մօտակայ ամիսներուն հասանելի կը դառնայ նաեւ Ռիատի, Տուպայի, ապա Մոսկուայի եւ Հոնկքոնկի մէջ: