Երեւանի մէջ գործող Տարածաշրջանային հետազօտութիւններու կեդրոնի ղեկավար, ամերիկահայ քաղաքագէտ Ռիչարտ Կիրակոսեան, պիտի հանդիպի եւրոպացի բարձրաստիճան հիւրին՝ Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ, անոր Հայաստան այցելութեան ընթացքին։ Ան ըսաւ, թէ «այս այցելութիւնը նաեւ ցոյց կու տայ, որ Եւրոպական միութեան (ԵՄ) հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու զարգացումը կ’արագանայ, ասիկա Հայաստանի համար հազուագիւտ 2-րդ հնարաւորութիւնն է՝ վերաձեւելու յարաբերութիւնները Եւրոպական միութեան հետ, իսկ Եւրոպական միութեան համար հնարաւորութիւն է՝ ուժեղացնելու Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրը»: Կիրակոսեան նաեւ յիշեցուց, որ անցեալ ամիս Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած Հայաստան-ԵՄ համագործակցութեան խորհուրդի նիստէն ետք, եւրոպացի պաշտօնեաները Եւրոպական միութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, դրական համարելով բարեփոխումներու ընթացքը, միաժամանակ կոչ ուղղած էին Հայաստանի իշխանութիւններուն արագացնելու բարեփոխումները՝ յատկապէս ժողովրդավարութեան, օրէնքի գերակայութեան, փտածութեան դեմ պայքարի եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութիւններով։ Անոնք խօսած էին նաեւ ընտրական համակարգի բարեփոխումներու անհրաժեշտութեան մասին։ «Ակնյայտ է, թէ Եւրոպական միութիւնը կ’ուզէ, որ Հայաստանը աւելի արագ առաջ շարժի ոչ միայն բանակցութիւններու, այլ նաեւ բարեփոխումներու ուղղութեամբ։ Սահմանադրական փոփոխութիւններու գործընթացի աւարտէն ետք, նոր Ընտրական օրէնսգիրքի ընդունումը Հայաստանի համար ժողովրդավարութեան նոր փորձութիւն է», ընդգծեց քաղաքագէտը: