Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Լիբանանի Վերածնունդի Տեսլականով

   *ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Սէուտական Արաբիոյ կողմէ Լիբանանեան բանակին օգնութիւնները սառեցնելու վերջին որոշումի լոյսին տակ ու անոր յաջորդող քայլերուն, որ սկսաւ իր  քաղաքացիները զգուշացնելով Լիբանան այցելելէ, շարունակելու համար օդային թռիչքները կասեցնելու յուշումով, հասնելու երէկուայ 4 լիբանանեան ընկերութիւններ փակելու Սէուտական Արաբիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ գործող 3 լիբանանցիներ որպէս Հըզպալլայի հաշւոյն ահաբեկչութիւն  ֆինանսաւորող անհատներ  ամբաստանելու քայլը մէկ կողմէն,  լիբանանեան սիւննի զանգուածի ընդվզումը միւս կողմէն ու այս բոլորին հակազդող Հըզպալլայի վերջին յայտարարութիւնները Սէուտական Արաբիոյ դէմ՝ բոլորը ցոյց կու տան, որ Լիբանանի մէջ մեծ պայթում մը պատահելու հաւանականութեան մը հակահաշուարկը սկսած է, որ կը կարօտի ծայրայեղ աստիճանի զգուշութեան ու վերադարձ դէպի համալիբանանեան շահերու առաջնահերթութիւն:

Ծայրայեղ աստիճանի զգուշութիւնը բնականաբար եւ առաւելաբար կը վերաբերի նաեւ Լիբանանահայութեան, որ Սուրիոյ տագնապէն ետք աւելի եւս ինքնամփոփման ու համադրուած կազմակերպական աշխատանքային մօտեցումներու հրամայականի առջեւ կը կանգնի։

Ինչպէս վերը նշուեցաւ, դժբախտաբար պայթումի մը պատահելուն մտավախութիւնները աւելի եւս կը շատնան։ Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի փորձին տխուր անցեալը ի մտի ունենալով, այս անգամ պայթումի չափանիշը կրնայ շատ տարբեր ըլլալ բնոյթով եւ տարողութեամբ։

Միակ յոյսը եւ մաղթանքը կը մնայ, որ զգաստանան բոլոր կողմերը եւ ինչպէս նշուեցաւ վերադարձ ըլլայ դէպի համալիբանանեան շահերու առաջնահերթութիւն։ Յուսանք նախկինէն քաղուած դառն դասերը բոլորը կը ստիպեն շրջադարձ կատարելու դէպի լիբանանականութիւն, Լիբանանի վերածնունդի տեսլականով։

 

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին