Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ նախորդ գիշեր Ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ պահպանուած է՝ նախօրէին արձանագրուած լարուածութիւնը: Նշուած ժամանակահատուածի ընթացքին հակառակորդը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է շուրջ 2000 կրակոցներ: Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը անհրաժեշտութեան պարագային դիմած են պատժիչ գործողութիւններու` շարունակելով վերահսկել իրենց վստահուած պետական սահմանը: