Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Սուրիահայ Գէորգը Զարդեղէն Պատրաստած Է Քիմ Քարտաշեանի Եւ Թեւնոցներ System of a Down-ի Տղոց Համար

*ՅԱՍՄԻԿ  ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ*

Սուրիահայ Գէորգ Տոշօղլանեանը կը վիրաւորուի, երբ արծաթագործութիւնը կ՛անուանեն արհեստ… կ՛ըսէ, անիկա արուեստ է, արուեստի իւրայատուկ ճիւղ: «Ո՞ւր տեսած էք, որ նախշերը, իւրայատուկ ձեւուածքները, միտքի թռիչքն ու կատարելութեան ձգտումը համարուին արհեստ: Սա գեղագիտութիւն է, իւրայատուկ մօտեցում: Սա արուեստ է », կ՛ըսէ Գէորգը ու կ՛աւելցնէ, որ մետաղին շունչ ու հոգի տալը այդքան ալ դիւրին գործ չէ: «Նախ պէտք է սիրել, չափազանց շատ սիրել, ապրիլ քու գործովդ ու հաճոյք ստանալ աշխատանքէդ», «Արմէնփրես»­ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Գէորգը:

Ան կը պատմէ, որ Հալէպէն Երեւան տեղափոխուելու ընթացքին շատ դժուարութիւններ տեսած է, մարդկային չարութիւն, թեքնիքական խնդիրներ, հիասթափութիւն, սակայն միշտ հաւատացած է, որ կամքի ուժը ամենահզօր զէնքն է ու կարեւորը չկոտրուիլն է: «Աշխատասէր մարդը ամէն տեղ ալ իր գլխուն ճարը կը տեսնէ, կ՛ուզէ Երեւան ըլլայ, կ՛ուզէ Հալէպ կամ աշխարհի որեւէ այլ անկիւն, թէկուզեւ անապատ», կ՛ըսէ Գէորգը աւելցնելով, որ երեք տարուայ ընթացքին մէկ ժամ ազատ ժամանակ չէ ունեցած, որովհետեւ հարիւրաւոր պատուէրներ ունեցած է եւ ձգտած է իւրաքանչիւր զարդի միջոցով արտայայտել իր ներաշխարհը:

Երեւանի մէջ Գէորգին գլխաւոր նպատակն ու ցանկութիւնը՝ իր ոլորտին մէջ մեծ յաջողութիւններու հասնիլն է։ Հալէպի մէջ ան յայտնի արծաթագործ Ճորճն է՝ կը ցանկայ, որ այստեղ ալ վաստակի նոյն յարգանքը: Նոյն այդ պատճառով եղած են դէպքեր, երբ օրերով չէ քնացած, որպէսզի ստեղծէ իւրայատուկ զարդեր, որոնք որեւէ տեղ չեն կրկնուիր:

«Ես կը սիրեմ յատուկ ըլլալ, կը նախընտրեմ չարչարուիլ, բայց միւս վարպետները չկրկնել: Թող զիս կրկնօրինակեն, բայց ես միշտ առաջինը ստեղծեմ, իւրայատուկ գործեր ընեմ », կ՛ըսէ­ Գէորգը:

Ան կը պատմէ, որ այս տարիներու ընթացքին բազմաթիւ յայտնի յաճախորդներ ունեցած է: Կ՛ըսէ ունի նաեւ մշտական յաճախորդներ, որոնք միայն իրմէ զարդեր կը գնեն: Գէորգին նաեւ կը հրաւիրեն մասնակցելու ցուցահանդէսներու, տարատեսակ ձեռնարկներու:

Քարտաշեանի համար ստեղծած կախազարդն ու System of a Down խումբի տղաներուն համար պատրաստած թեւնոցները, «Պռեգոմէշ»­ի հետ համագործակցութեան արդիւնքն է: Քիմի վիզնոցը ստեղծած է «Պռեգոմէշ»­ը, կախազարդը Գէորգը: Կախազարդի վրայ Գէորգը հայերէնով փորագրած է Քիմին անուան առաջին տառը: «Ի հարկէ մեծ պատիւ էր նման աշխարհահռչակ մարդու մը համար կախազարդ պատրաստելը: Չեմ գիտեր Քարտաշեանը հաւնած է, թէ ոչ, քանի որ ես անոր չեմ հանդիպած, սակայն յոյս ունիմ` իմ չարչարանքս ապարդիւն չէ անցած»,­ կ՛ըսէ Գէորգը:

Ինչ կը վերաբերի System of a Down խումբի տղաներուն, Գէորգը անոնց համար պատրաստած է «1915» մակագրութեամբ թեւնոցներ, ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-­րդ տարելիցի եւ ի երախտիք այն մեծ աշխատանքին, որ երաժիշտները կը կատարեն Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին մէջ:

Երեւանեան կեանքէն Գէորգը չի դժգոհիր: Չի թաքցներ`Հալէպը կը կարօտնայ, բայց վերադառնալ ալ չի ցանկար: Կ՛ըսէ` կամաց­-կամաց կը սորվի երեւանեան կեանքին ու հայկական մտածելակերպին: Ի թիւս բազմաթիւ այլ դրական բաներու, Գէորգը Երեւանի մէջ սորված է նաեւ գումար խնայել: Եթէ Հալէպի մէջ մէկ ամսուայ վաստակածը կրնար մէկ ժամի մէջ վատնել, Երեւան հասնելով հասկցած է դժուարութեան եւ ապրուստի գինը ու այժմ աւելի շատ կ՛արժեւորէ վաստակած գումարը:

«Բարեւ Հայաստան» նախագիծի նպատակն է ներկայացնել՝ Հայաստանի մէջ հաստատուած եւ իրենց տաղանդին ու կամքի ուժին շնորհիւ յաջողութեան հասած սուրիահայերը: Վստահաբար այսպիսի սուրիահայերը շատ են եւ դրուատանքի արժանի անոնց կատարած աշխատանքը: Համագործակցութեան համար շնորհակալութիւն կը յայտնենք Հայկական Կարմիր Խաչ ընկերութեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին