Փետրուար 28-ին Վալանսի Սուրբ Սահակ եկեղեցւոյ մէջ, Տրոմ Արտեշի «Ապրիլ 24 կոմիտէ»ի կազմակերպմամբ պիտի մատուցուի Սուրբ պատարագ` ի յիշատակ 1988 թուականի Սումկայիթի մէջ Ազրպէյճանի ջարդարարներու ձեռքով Ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ անմեղ զոհերուն:
Այս մասին կը հաղորդէ Nouvelles d’Armenie պարբերականը: