Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

Ընկ. Արմինէ (Սանճեան) Անդրէասեան Անժամանակ մահուան Ա. Տարելիցին առթիւ (Երուսաղէմ)

Լրացաւ մեզմէ անվերադարձ մեկնած Ընկ. Արմինէ Անդրէասեանի (ծն.Սանճեան) մահուան Ա. Տարելիցը, սակայն թարմ է իր յիշատակը թէ՛ հարազատներու եւ թէ՛ իր բոլոր բարեկամները իր հարազատները նկատող շրջանակի անդամներու հոգիներուն մէջ։ Ամէն տեղ է ան՝ իր հարազատ բոյնին մէջ, Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանի դասարաններուն մէջ, աշակերտներու սիրտերէն ներս ու Հայ Երիտասարդաց Միութեան սրահներու եւ ժողովատեղիներուն մէջ։

Ուր որ ըլլար Արմինէն վստահ եղէք, որ հոն կը տիրէր խանդավառութիւն, աշխուժութիւն, հասարակական գործիչի, ուսուցչուհի-դաստիարակի եւ տիպար Ռամկավար կուսակցականի օրինակելի ոգին, բայց մանաւանդ իր ներկայութիւնը շրջանակներուն մթնոլորտին կը բերէր երգիծանք ու սրամտութիւնը։ Առիթով մը առանց բառերը ծամծմելու ինծի ըսաւ Բեթղեհէմէն դուրս եկած ատեն.

– Ընկե՛ր, այս երկիրին մէջ նոյնիսկ եթէ լուացարանդ պիտի երթաս, ինքնութեան փաստաթուղթերդ չմոռնաս հետդ առնելու…։

Ամմանի ծնունդ էր Արմինէ, բայց իր սիրտն ու հոգին բաժնած էր երկուքի՝ ծննդավայրին ու Երուսաղէմին։ Իր կողակցին՝ Ընկ. Յակոբ Անդրէասեանի հետ տարիներով ու համբերատար աշխատանքով, սիրով ու նուիրուածութեամբ եղած էր ՀԵՄ-ի կեդրոնական սիւներէն մէկը, միաժամանակ անթերի կերպով կատարելով իր պարտականութիւնները որպէս կին եւ մանաւանդ որպէս գթառատ մայր երեք զաւակներու։ Բաց ասդի ան գուրգուրոտ դաստիարակ եւ ուսուցիչ-մայրն էր նաեւ իր աշակերտ-աշակերտուհիներուն, որոնց ուսման համար տուաւ իր սիրտէն ու գիտութենէն։

Արմինէ երբեք չընդունեց «յուսահատութիւն» բառը, այլ կարծէք իբր պատասխան զինք հարուածել ուզող հիւնադութեան, բանաստեղծին պէս ըսած էր. «Քու հարուածներդ լոկ ոսկորներուս կը դպնան» (*)։

Այսօր իր շիրիմին վրայ դուք կը տեսնէք Ընկ. Յակոբ Անդրէասեանի «Թաճ Մահալը»՝ զարդարուած հայկական ազգային նախշերով պատրաստուած ճենապակեայ արուեստի գործը։ Յակոբը մխիթարութիւն կը գտնէ իր ձեռակերտին մէջ, որ թեթեւ սփոփանք եւ մելամաղձոտ ժպիտ-արցունք մը կը պատճառէ իրեն։ Արմինէն «հանգուցեալ» չէ իր համար։ Առիթով մը ան Հայաստանէն իր «Ֆէյսպուք»ի էջին մէջ գրած էր. «Թէեւ Հայրենիքիս մէջ կը գտնուիմ այժմ, բայց սիրտս ու հոգիս հո՛ն է՝ Սիոնի բարձունքին»։

Սիրելի հարազատներ, այսօր կը մտնենք Արմինէի մեզմէ յաւէտ բաժանման երկրորդ տարիէն ներս։ Կը մխիթարուինք, որ ան կը գտնուի իր պաշտած Աստուծոյ եւ Միածին Որդւոյն մօտ, իսկ այստեղ, այս անցաւոր աշխարհիս մէջ զինք պատկերացնենք լոյսերու մէջ։ Ինք տակաւին կը մնայ անցաւորներուս յիշողութեան մէջ այնպէս ինչպէս ճանչցած ենք զինք, ու պիտի շարունակէ ապրիլ իր բարեմասնութիւններով ու տիպար հայ կնոջ մը կերպարը հանդիսացող պատկերով։

Արմինէն կ՛ապրի մեզի հետ, ան մեր կողքին է միշտ, արդարեւ թէեւ իր բացակայութիւնը մեզ մահու չափ կը յուզէ, բայց իր յիշատակը չէ թառամած տաքուկ սիրտերու եւ հոգիներու խորքը։

Մ.Գ.

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին