Երեքշաբթի, 22. 04. 2025

spot_img

Աբխազիան Ազատ Այցագրային Կարգ Կը Սահմանէ Լեռնային Ղարաբաղի Հետ

Ապրիլ 1-էն Աբխազիոյ մէջ ուժի մէջ կը մտնէ օրէնք մը, որ թոյլ կու տայ հանրապետութիւն առանց այցագիրի մուտքի իրաւունք ունենալու քաղաքացիները միայն այն երկիրներու, որոնք ճանչցած են Աբխազիոյ անկախութիւնը:

Ըստ «Սիվիլնեթ»ի ԹԱՍՍ լրատուական գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին, Աբխազիոյ փոխ արտաքին գործոց նախարար Քան Թանիան ըսած է, որ արտաքին գերատեսչութիւնը նախարար Վեաչեսլաւ Չիրիքպայի յանձնարարութեամբ, ներկայիս բարեկամ Մերձտնեսթրի Մոլտովական եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններու հետ, փոխադարձ ազատ այցելութիւններու մասին համաձայնագիրերու նախագիծեր կը նախապատրաստէ:

Օրէնքին համաձայն այսուհետեւ հանրապետութիւն առանց այցագիրի մուտքի իրաւունք կ’ունենան միայն քաղաքացիները այն երկիրներուն, որոնք ճանչցած են Աբխազիոյ անկախութիւնը:

Փոխ արտաքին գործոց նախարարը յիշեցուցած է, որ Աբխազիոյ մէջ այցագրային կարգը գոյութիւն ունի 90-ականներու կէսերէն, սակայն կը վերաբերէր միայն հեռաւոր արտերկիրի քաղաքացիներուն:

«Ապրիլ 1-ին ուժի մէջ մտնող օրէնքը կը վերաբերի քաղաքացիներուն այն պետութիւններուն, որոնք Աբխազիոյ հետ ունին փոխադարձ ազատ այցելութիւններու մասին համաձայնագիրեր: Տուեալ պահուն կան ստորագրուած եւ վաւերացուած համաձայնագիրեր Ռուսիոյ եւ Նիքարակուայի հետ: Հարաւային Օսիոյ հետ նման համաձայնագիրը կը գտնուի վաւերացման փուլի մէջ», ըսած է Քան Թանիան:

Աբխազիան Սեւ Ծովու արեւելեան ափի վրայ մասամբ ճանչցուած պետութիւն է: Ան ճանչցած են ՄԱԿ-ի անդամ չորս պետութիւններ` Ռուսիան, Վենեզուելան, Նիքարակուան եւ Նաուրուն, մասամբ ճանչցուած Հարաւային Օսիան, ԼՂՀ-ն, չճանչցուած Մերձտնեսթրի Մոլտովական Հանրապետութիւնը, ինչպէս նաեւ ինքնահռչակ Տոնեցկի եւ Լուգանսքի հանրապետութիւնները: ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի բանաձեւին մէջ Աբխազիան կը ճանչցուի Վրաստանի մաս` որպէս Աբխազիոյ Ինքնավար Հանրապետութիւն:

Աբխազիան իր հերթին ճանչցած է Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան անկախութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին