*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
«Աւելի լաւ է մեռնիլ ոտքի կանգնած քան ապրիլ ծնկաչոք»։
էմիլիանօ Զափաթա
Ազատութիւնը մարդկային անգին արժէք մըն է: Արժէք մը, որուն պահպանութեան համար մեզի հասած մարդկութեան պատմութեան մէջ, հերոսներ իրենց կեանքը զոհած են:
Ֆետերիքօ Կարսիա Լորքա սպանացի բանաստեղծ եւ թատերագիր՝ իր ազատ գաղափարներուն համար 38 տարեկանին սպանական քաղաքացիական պատերազմի օրերուն՝ 18 Օգոստոս 1936ին գնդակահարուեցաւ երկիրին ազգայնական ուժերուն կողմէ:
Նկարին մէջ այս ԱԶԱՏ ՄԱՐԴԸ իր դահիճներուն առջեւ բարձրաճակատ կանգնած, անոնց զէնքերուն փողերը իր վրայ ուղղուած պահուն՝ մահը կը դիմաւորէ իր բանաստեղծութիւններէն մին արտասանելով.
«Ըսէ ինծի ինչպէ՞ս կարենամ սիրել քեզի երբ ազատ չեմ
Ինչպէ՞ս կրնամ սիրտս նուիրել քեզի երբ անոր ազատ տէրը չեմ»:
Լորքայի բանտարկողները, դահիճներն ու զինք սպաննելով չէզոքացնել փորձողները պատմութեան աղբանոցին մէջն են այսօր: Ինք սակայն վեհօրէն կանգուն է ազատ ու արժանապատիւ մարդոց յիշողութեան մէջ:
Մարդկային վեհ արժէքներու անկումի այս օրերուն, Ֆետերիքօ Կարսիա Լորքայի օրինակով եւ վերը նշուած է այլ ազատամարտիկի մը՝ Էմիլիանօ Զափաթայի խօսքը մէջբերելով, նոյն ազատութեան տենչով գրուած հայ բանաստեղծ Միքայէլ Նալպանտեանի հետեւեալ նշանաւոր տողերը յիշեցնելով՝
Ազատն Աստուած այն օրից,
Երբ հաճեցաւ շունչ փչել,
Իմ հողանիւթ շինուածքին
Կենդանութիւն պարգեւել.
Ես անբարբառ մի մանուկ
Երկու ձեռքս պարզեցի,
Եւ իմ անզօր թեւերով
Ազատութիւն գրկեցի։
այսօր հոս ՝ այս սիւնակով կ՛ուզեմ շեշտել, թէ որքան կարիքը ունինք նման օրինակներու ու մարդկանց, որոնց թիւը ինչպէս մարդկային պատմութեան՝ նոյնքան ալ Հայոց պատմութեան մէջ, որքա՜ն մեծ եղած է համեմատած մեր օրերուն, ուր շատ յաճախ եւ ոչ քիչ թիւով մարդուկներու մօտ վատութիւնն է, որ արժէքի վերածուած է դժբախտաբար…:
Պայքարինք անոնց դէմ ի հարկին ոտքի մեռնելու քան ծունկի տեղի տալու…: