Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

«Մարդասիրական Արձագանգէն Դէպի Կայուն Լուծումներ» Խորագիրով Սուրիահայերուն Նուիրուած Աշխատաժողով Երեւանի Մէջ

Փետրուար 24-ին, ժամը 9.00-ին, ՀԲԸՄի Հայաստանի ներկայացուցչութեան նիստերու դահլիճին մէջ, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան, ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի Հայաստանի գրասենեակի, «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ, պիտի մեկնարկէ «Մարդասիրական արձագանգէն դէպի կայուն լուծումներ» խորագիրով աշխատաժողովը, որ նուիրուած է Սուրիոյ հակամարտութեան հետեւանքով տեղահանուած եւ Հայաստան հաստատուած անձերու ընդելուզման դիւրացման խնդիրներուն (հասցէ` Մելիք-Ադամեան 2/2):

Աշխատաժողովին պիտի մասնակցին պետական գերատեսչութիւններու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ սուրիահայերու հիմնախնդիրներով զբաղող հասարակական, միջազգային եւ համահայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին