1999 թուականի Նոյեմբեր 17-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕն որոշում ընդունեց՝ Փետրուար 21-ը ընդունիլ իբրեւ Մայրենիի միջազգային օր:
Վիրահայ համայնքին մէջ Մայրենիի միջազգային օրը նշած են մեծ ոգեւորութեամբ, իսկ գլխաւոր դերակատարները եղած են յատկապէս երիտասարդներն ու մանուկները: Այս մասին կը յայտնէ Akhaltskha.net-ը:
Ախալցխայի հայկական երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկի ընթացքին, երախաները հայրենասիրական ոգիով ու մեծ ոգեւորութեամբ երգած են եւ արտասանած՝ հայոց լեզուին նուիրուած երգեր ու բանաստեղծութիւններ, պարած են հայկական պարեր:
Ձեռնարկին մասնակցելու համար Ախալքալաքէն Ախալցխա մեկնած է ՎՀՕՄ-ի ատենապետուհի, երեք երիտասարդական կեդրոններու ուսումնական մասի պատասխանատու Կարինէ Թադեւոսեանը, որ բարձր գնահատած է ձեռնարկի իրականացման պատրաստութիւնը կեդրոնի տնօրինութեան, մանկավարժական կազմի եւ սաներու կողմէ:
Մայրենիի օրը կապուած է պենկալերէնը առանձին լեզու ճանչնալու քաղաքական պայքարին հետ, երբ 1952 թուականին Տաքքայի մէջ ոստիկաններու կրակոցներէն մահացան խումբ մը երիտասարդներ, որոնք դէմ էին ուրտուն միակ պետական լեզու ճանչնալու որոշման: Այս բոլորին Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոնին մէջ կազմակերպուած «Մայրենին Իմ սրբութիւնն է» խորագիրով մտաւոր խաղ-մրցոյթի ժամանակ, իր խօսքին մէջ անդրադարձած է ՎՀՕՄ-ի ատենապետուհի Կ. Թադեւոսեանը՝ շնորհաւորելով բոլորը գեղեցիկ տօնին առիթով:
Խաղ-մրցոյթին ընդգրկուած են մշակութային կեդրոնի` յատկապէս հայոց լեզուի եւ գրականութեան խմբակի սաները, որոնք բաժնուած էին երեք խումբերու` «Նժդեհ», «Արցախ» եւ «Էրզրում»:
Շատ քիչ միաւորներու տարբերութեամբ յաղթած է «Արցախ» խումբը: Բոլոր մասնակիցները տնօրինութեան կողմէ ստացած են պատուոգրեր մասնակցութեան համար, իսկ խումբի աւագներուն յանձնուած են Ա, Բ, եւ Գ կարգի վկայագրեր ու նուէրներ:
Փետրուար 21-ին Նինոծմինտայի երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնին մէջ եւս տեղի ունեցած է ձեռնարկ` նուիրուած Մայրենիի օրուան: Ձեռնարկին բացումը ըրած են կեդրոնի պարի խմբակի սաները: Սաներու շուրթերէն հնչած են նաեւ Մայրենիի վերաբերեալ բանաստեղծութիւններ, երգեր եւ ասոյթներ: Հանդիսատեսին ներկայացուած է Մեսրոպ Մաշտոցի կեանքի եւ գործունէութեան մասին տեղեկատուութիւն: