Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի Տնօրէնը

Փետրուար 22-ին ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանը:

Ողջունելով հիւրը նախարար Հրանոյշ Յակոբեան երախտագիտութիւն յայտնեց Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան տնօրինութեան` նախարարութեան հետ համագործակցելու եւ մասնաւորաբար երեք կարեւոր ծրագիրներու` Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ ուսանող սուրիահայերու ուսման վարձավճարի տրամադրման, նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրի իրականացման, ինչպէս նաեւ երիտասարդներու «Ապագայ» խորագիրով համաժողովի կայացման աջակցութիւն ցուցաբերելու համար:

Փոխադարձաբար շնորհակալութիւն յայտնելով Սփիւռքի նախարարին` պարոն Փանոսեան Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան անունով հաւաստիացուց, որ պատրաստակամ են համագործակցելու հայապահպանութեան նպաստող այլ ծրագիրներու իրականացման աշխատանքներուն:

Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան սուրիահայութեան հիմնախնդիրներու լուծման, նախարարութեան «Ամառնային դպրոցի» գործունէութեան շարունակականութեան ապահովման եւ հայագիտութեան զարգացման առնչուող հարցերուն համագործակցելու հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ Կիւլպէնկեան հաստատութեան հիմնադրման 60-ամեակը Հայրենիքի մէջ պատշաճ կերպով նշելու առնչուող հարցեր:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին