Ուրբաթ, 13. 06. 2025

spot_img

Իզմիրի ՄԷջ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտման Թեմայով Ժողովին Մասնակցած Է Նաեւ Իրանի Պաշտօնական Պատուիրակութիւնը

Ծայրայեղ հայատեաց կեցուածքով յայտնի թրքական «Ասիմտեր» կազմակերպութեան կողմէ, Փետրուար 19-20-ին Թուրքիոյ Իզմիր քաղաքին մէջ գումարուած աշխատաժողովին, մասնակցած է նաեւ իրանական պատուիրակութիւնը: Թեման եղած է  «Միջազգային անհիմն պնդումները, բռնագրաւումը եւ ահաբեկչութիւնը»: Այս մասին կը յայտնէ Ermenihaber.am-ը:

Ըստ թրքական «Վաթան» թերթի կայքի` աշխատաժողովին մասնակցած են 80 կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ Ազրպէյճանէն, Թուրքիայէն, Ղազախստանէն, Պուլկարիայէն, Թաթարստանէն, Աֆղանիստանէն, Վրաստանէն եւ Իրանէն:

Աղբիւրը կը նշէ, որ աշխատաժողովի ընթացքին մասնակիցները անդրադարձած են Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Ղարաբաղեան հիմնահարցերուն ու  շարք մը այլ թեմաներու:

Հայատեաց կազմակերպութեան ղեկավար Կեոքսել Կիւլպէյը յայտարարած է, որ Իրանը առաջին անգամ է, որ իրենց կազմակերպած ձեռնարկին պաշտօնական պատուիրակութիւն կ’ուղարկէ:

«Ատիկա մեզի համար մեծ յաջողութիւն է,- նկատել տուած է Կիւլպէյը,-  եւ ուրախանալու առիթ, քանի որ մեզի շատ կ’ուրախացնէ այն հանգամանքը, որ Իրանի հետ մեր յարաբերութիւններու կարգաւորման ճանապարհին՝ այդ երկիրը մեր կողքին է այսպես կոչուած Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին մէջ»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին