Շաբաթ, 19. 07. 2025

spot_img

«Այսօր Տօն է Արցախի Իւրաքանչիւր Ընտանիքի Համար». Բակօ Սահակեանի Շնորհաւորական Ուղերձը Հայրենիքի Պաշտպանի Օրուան Առիթով

Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Փետրուար 23-ին շնորհաւորական ուղերձ յղած է Հայրենիքի պաշտպանի օրուան առիթով:

Նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան հաղորդած տեղեկութիւններով՝  ուղերձին մէջ նշուած է.

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններու եւ անձամբ իմ անունէս ի սրտէ կը շնորհաւորեմ ձեզ Հայրենիքի պաշտպանի օրուայ առթիւ:

Այսօր տօն է Արցախի իւրաքանչիւր ընտանիքի մէջ, որովհետեւ մեր երկիրին մէջ դժուար է գտնել ընտանիք մը, որ մասնակից չըլլայ Հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին: Տօն է մեր ամբողջ ժողովրդին համար, որովհետեւ Արցախի ազատութեան ու անկախութեան կերտման մասնակցած են շատ քաջ հայորդիներ աշխարհի տարբեր ծայրերէն:

Ես կը շնորհաւորեմ բոլորդ եւ յատկապէս անոնց, որոնք օր ու գիշեր կը հսկեն հայրենի երկիրի սահմանները, կը պաշտպանեն հարազատ ժողովուրդի անդորրը` հնարաւորութիւն տալով մեզի ապրիլ ու արարել խաղաղ երկինքի տակ: Անոնք մեր խիզախ զինուորներն են, սպաներն ու զօրավարները, ան մեր հերոսական բանակն է, որ եղած է, կայ ու կը մնայ մեր ժողովուրդին հպարտութիւնն ու պարծանքը, անոր անվտանգութեան հիմնական երաշխաւորը: Յաւե~րժ փառք ու պատիւ Արցախի նուիրեալ զաւակներուն:

Թանկագի՛ն բարեկամներ,

Այս տօնական օրը կը մաղթեմ բոլորիդ խաղաղութիւն, քաջառողջութիւն, յաջողութիւններ ու ամենայն բարիք, Հայրենիքի պաշտպաններուն անպարտելի ուժ ու զօրութիւն»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին