Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ Փետրուար 20-ին, ՀՀ դեսպանութեան առջեւ տեղի ազրպէյճանցիները կազմակերպած էին ցոյց, նպատակ ունենալով ոչ աշխատանքային օրուայ ընթացքին նկարուիլ ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութեան առջեւ` յետոյ սեփական մամուլի մէջ մարդաշատ ցոյցի մասին ապատեղեկատուութիւն տարածելու համար:
Ըստ News.am-ի Շուէտի հայ համայնքի երիտասարդները, նախապէս տեղեկանալով ցոյցի կազմակերպման մասին, անակնկալ մատուցած են` ազրպէյճանցիները դիմաւորելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դրօշներով: Ասոր իբր արդիւնք ազրպէյճանական սակաւամարդ ցոյցը շատ կարճ ժամանակի մէջ ցրուած է: