21-րդ դարը կը hանդիսանայ գիտութեան յառաջդիմութեան մեծքայլ ձեռքբերումներու ժամանակաշրջան: Լսատեսողական դաստիարակչական ոճը արդէն, աւելի քան անհրաժեշտ դարձած է ուսումնական կեանքէն ներս: Վարժարաններէ ներս դասը աւելի հետաքրքիր դառնալու, միեւնոյն ժամանակ աշակերտին դասընկալումը աւելի հեշտ ու հաճելի դարձնելու համար, գիտնականներ հնարեցին interactive white board-ը, որ նախատեսուած է համակարգիչի աշխատանքային սեղանի պատկերը լուսարձակի (projector) օգնութեամբ գրատախտակի մակերեւոյթին արտացոլելու համար:
Վահան Թէքէեան վարժարանը միշտ եղած է նորարար գիտութեան ու նոր դաստիարակչական մեթոտներու կիրարկման ջատագովը, բարձր մակարդակի կրթութիւն ջամբած ու ներկային հետ քայլ պահած: Այս ուսումնական տարեշրջանին ունեցաւ շարք մը նորութիւններ, որոնցմէ ամենակարեւորը interactive white board-ի տեղադրումն ու կիրարկումը նախակրթական Ա եւ Բ դասարաններու մէջ: Անշուշտ այս ծրագիրը շարունակական բնոյթ կը կրէ եւ այդ շուտով, մինչեւ նոր ուսումնատարուայ սկիզբը կը տարածուի նաեւ այլ դասարաններու, ինչպէս նաեւ համացանցի կապուածութեան հնարաւորութիւն պիտի տրուի, օգտուելու համար տեղեկատուութեան լայն շտեմարաններէն: