*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
«Ոչ մէկ բանի հաւատայ ո՛ւր որ ալ կարդաս զայն,
ո՛վ որ ալ ըսած է զայն՝ անձս ալ ներառեալ,
բացի եթէ այդ մէկը համաձայն ըլլայ
տրամաբանութեանդ եւ ուղղամտութեանդ հետ»:
Վերագրուած Պուտհային
Ընկերային համացանցի վրայ հայկական նորութիւններէն մէկն է՝ փարաւոններու եւ կարմիր հնդիկներու հայկական ծագում ունեցած ըլլալու լուրը…:
Այս լուրը հրապարակողը «ասէկօսէ» (asekose.am) անուն կայքն է, որուն անուանումը արդէն կրնայ յուշել իր տարածած լուրերուն «հաւաստիութիւնը»: Լուրը ունի հետեւեալ «ցնցիչ» խորագիրը՝ «Փարաւոնները Հայ Էին Իսկ Ամերիկային Բնիկներուն Մօտ Հայկական Հետք է Յայտնաբերուել»….: Չմոռնամ ըսելու, որ այս կայքը այն միեւնոյն կայքն է, որ օրինակի համար ատենին տարածած էր Հ. Հ. Սփիւռքի արժանաւոր նախարարուհիին պաշտօնէն հաւանական հեռացումի լուրը, որ դժբախտաբար դարձեալ աներեւակայելիօրէն տարածուեցաւ ու հաւատացողներ ունեցաւ եւ ամենաողորմելին այն է, որ արձագանգ ալ գտաւ ու ահազանգեր արձակուեցան Ափրիկէէն մինչեւ հայ կազմակերպութեան մը պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը…:
Վերադառնալով վերջին լուրին, անոր անհեթեթութեան ու գտած արձագանգին՝ «Ֆէյսպուք»ի վրայ զանազան բաժնեկցումներով (share) եւ հաւանումներով (like), պարտականութիւն կը զգամ այս սիւնակով արտայայտուելու բոլորին՝ ինչ կը վերաբերի ամէնուն հայացնելու այս հին ու նոր մարմաջին կամ ինչո՞ւ չէ ստորակայութեան բարդոյթին, նաեւ իր «հօր արագ ինքնաշարժով հպարտացող» մանկամտութեան մասին…:
Այս բարդոյթը վերլուծելու հարցը ձգելով հոգեբաններուն ու կանխելով այն օրը երբ բանը կրնայ հոն հասնիլ ուր յանկարծ տարածուի, որ օրինակի համար Մեծն Ալեքսանդրին ձին Հայ էր… ինծի կը մնայ խնդրելով պահանջել ընկերային համացանց օգտագործող եղբայրակիցներէս, նոյնը կը վերաբերի բոլոր ազգակիցներուս, զգոյշ ըլլալ ու չսատարել անճիշդ լուրերու տարածումին պարզ այն տրամաբանութեամբ, որ ոչ այն ամէն ինչ որ տպուած է կամ գրուած ճիշդ է:
Կը մնայ յուշել, որ կարելի է նաեւ հպարտանալ ու արժեւորել մեր ազգին մէջ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող արժէքները, փոխանակ հպարտացնող անուններ փնտռելու աշխարհով մէկ ու զանոնք հայացնել փորձելու…: