Ուրբաթ, 13. 06. 2025

spot_img

Հայաստանի Տարածքային Կառավարման Եւ Արտակարգ Իրավիճակներու Նախարարութիւնը Կը Բաժնուի

Հայաստանի իշխող հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեան, անդրադառնալով ժամանակին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի կողմէ կատարուած այն յայտարարութեան, թէ 19ը նախարարութիւնները Հայաստանի համար շատ են՝ ըսաւ, թէ պէտք է այնպէս ընել, որ Տարածքային կառավարման եւ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան երկուքի բաժանումը մեծ ազդեցություն չունենայ պետական պիւտճէին վրայ: Նշենք, որ Տարածքային կառավարման եւ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնները միաւորուած էին՝ կառավարութեան 2014 թուականի Նոյեմբեր 6ի որոշմամբ։ Վարչապետը յայտարարած էր, որ այդ ծրագիրը արդիւնաւէտ է ֆինանսական միջոցներու տնտեսման, աշխատանքի արդիւնաւէտութեան եւ վարչարարութեան տեսակէտէ։ Նախարարութիւնը սակայն կրկին երկուքի բաժնուած էր անցեալ օր, երբ նախագահ Սերժ Սարգսեան ստորագրած էր Ազգային ժողովին կողմէ ընդունուած՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կառուցուածքին մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ լրացում եւ փոփոխութիւն կատարելու օրէնքը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին