*ՌՈՊԵՐԹ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ*
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցի շրջանակներուն մէջ, Փետրուար 19- ին Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանի (ՍՆԱՎ) մէջ, տեղի ունեցաւ ամերիկահայ անուանի գրող-թատերագիր, Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ դոկտոր Հրանդ Մարգարեանի «Նահատակ 13 գրողներ» գիրքի շնորհանդէսը։ Բարձր գնահատանքի արժանի գիրք մը, որ գրուած է անգլերէնով։
Երեկոյի ընթացքին գիրքի հեղինակը սահիկներու միջոցով մէկ առ մէկ անդրադարձաւ՝ այն գրողներու կեանքին ու գործունէութեան, որոնք 1915ին գազանաբար սպաննուեցան երիտթուրքերու կողմէ կազմակերպուած հայոց զանգուածային ջարդերու ընթացքին։ Ներկաները ջերմութեամբ ընդունեցին վարժարանի աշակերտներ Գրիգոր եւ Մելինէ Անտրեոբուլոսներուն, Դալար Յովսէփեանին, Կերի Պարոնին, Անահիտ Ինջիգուլեանին, Պրիաննա Թահմիզեանին եւ Շանթ Ինճոյեանին, որոնք հատուածներ ընթերցեցին նահատակ գրողներ Դանիէլ Վարուժանի, Թլկատինցիի եւ Գեղամ Բարսեղեանի ստեղծագործութիւններէն։
Շնորհանդէսի վերջաւորութեան վարժարանի աշակետներուն, ուսուցիչներուն եւ բազմաթիւ հիւրերուն անունով, գիրքի հեղինակ Հրանդ Մարգարեանին շնորհաւորեց եւ ջերմ շնորհակալական խօսք ըսաւ վարժարանի տնօրէնուհի Զարմինէ Պօղոսեան։