Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Գերմանիոյ Խորհրդարանէն Ներս Պիտի Քննարկուի Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցը

Փետրուար 24-ին Գերմանիոյ դաշնային խորհրդարանին մէջ պիտի քննարկուի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրը: Թրքական «Gerçekgündem.com» լրատուակայքի տեղեկացմամբ` Ցեղասպանութեան վերաբերեալ նախագիծերը ներկայացուցած են Գերմանիոյ խորհրդարանի «Ձախեր»ու (“Die Linke”)  եւ «Կանաչներ»ու (“Die Grüne”) կուսակցութիւնները: Փետրուար  24-ին խորհրդարանական քննարկումներու ժամանակ, այդ նախագիծերու քննարկման համար պիտի տրամադրուի 38 վայրկեան, կը գրէ ermenihaber.am-ը:

Յիշեցնենք, որ անցեալ տարի Գերմանիոյ դաշնային խորհրդարանը Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու զանգուածային կոտորածները բնութագրած էր որպէս Ցեղասպանութիւն: Թեմային առնչութեամբ համատեղ օրինագիծ մշակելու նպատակով, իշխանութիւնն ու ընդդիմութիւնը որոշում կայացուցած էին` նախագիծերը Արտաքին յարաբերութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովին փոխանցելու:

Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահ Նորպերթ Լամերթ  2015ի Մարտին հետեւեալ յայտարարութիւնը ըրած էր. «Օսմանեան կայսրութեան մէջ առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ՝ ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ տեղի ուենցածը Ցեղասպանութիւն էր: Եւ ան 20-րդ դարու վերջին Ցեղասպանութիւնը չէր»:

Իսկ «Կանաչներ»ու կուսակցութեան համանախագահ Ճեմ Օզտեմիր յիշեցնելով, որ հայոց զանգուածային ջարդերը Ցեղասպանութիւն որակած են թէ՛ Գերմանիոյ նախագահը եւ թէ խորհրդարանի նախագահը, նշած է. «Անհրաժեշտ է, որ ամէն մէկը ձեռքը իր խիղճին դնէ ու հարցնէ` եթէ այդ մարդիկ չմեռնէին, ինչպէ՞ս պիտի ըլլար այսօրուան Թուրքիան: Այսինքն եթէ հայերը, ասորիները եւ յոյները ապրէին, Թուրքիան բազմամշակոյթ ըլլար, շա՞տ վատ կ՛ըլլար: Ո՛չ ընդհակառակը, այս առումով Թուրքիան շատ բան կորսնցուցած է»:

«Ցեղասպանութիւն իրականացուցած երիտթուրքերը Սարիղամիշի մէջ թուրք զինուորներ ալ ոչնչացուցած են: Երիտթուրքերը կործանած են Օսմանեան կայսրութիւնը: Հետեւաբար անոնց պաշտպանելը անիմաստ է: Իւրաքանչիւրը պէտք է հարցնէ ինքիրեն, թէ որմէ կը ցանկայ օրինակ վերցնել», աւելցուցած է ան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին