«Տիգրան մեծ» բարեգործական հիմնադրամի նախագահ Սրապիոն Գէորգեանի նախաձեռնութեամբ`Հայոց Ցեղասպանութեան խորհուրդը կրող 100 մեթրնոց եռագոյնը ծածանած է Վիեննայի մէջ հայկական խաչքարին շուրջ: Այս մասին կը յայտնէ «Հայերն Այսօր»ը:
Յիշեցնենք, որ այս յատուկ արշաւը սկսած է անցեալ տարի: Մէկ տարուան ընթացքին 100 մեթրնոց խորհրդանշական Եռագոյնը ծածանած է՝ Հայաստանի եւ Արցախի տարբեր բնակավայրերու եւ Սփիւռքի մէջ, իսկ 2015-ի Ապրիլին ան նաեւ վեր խոյացաւ Արարատի գագաթը: