Հինգշաբթի, Փետրուար 18-ին Քուէյթի Ազգային Վարժարանի աշակերտութիւնը նշեց՝ արդէն աւանդոյթ դարձած «Գիրք նուիրելու» օրը: Այս մասին «Եռագոյն» կայքէջին յայտնած է ազգային դպրոցի տնօրէն Մանուկ Մանուկեան։
Բացման խօսքին մէջ Թ կարգի աշակերտուհի Ալիս Քէչէճեան, անդրադառնալով յիշեալ օրուան ըսաւ. «Հայաստանի մէջ գիրք նուիրելու օրը, Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան նախաձեռնութեամբ եւ այդ օրերու Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի որոշումով՝ կը նշուի 2008 թուականէն: Գիրք նուիրելու գեղեցիկ տօնը կը նշուի Փետրուար 19-ին՝ Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրը: Այս ընտրութիւնը ամէնեւին ալ պատահական չէ, քանզի մեզմէ շատ-շատեր հայ գիրքը ճանչցած են Յովհաննէս Թումանեանի հիանալի հեքիաթներով: Մենք ալ մեր հերթին, իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ազնիւ քաղաքացիներ եւ հայ գիրքը արժանիօրէն կրող հայեր, այստեղ՝ Ազգային Վարժարանի շրջափակէն ներս հաւաքուած ենք, արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով նշելու գեղեցիկ տօնը»:
Այնուհետեւ Դ կարգի աշակերտները երգեցին «Մայր Լեզու» երգը, որմէ ետք խօսք առաւ Ազգային Վարժարանի տնօրէն Պրն. Մանուկ Մանուկեան: Ան անդրադարձաւ հայ գիրքին եւ շեշտեց անոր կարեւորութիւնը՝ սերունդներու ճշգրիտ դաստիարակութեան եւ հոգեմտաւոր զարգացման համար: Գիրք ունենալն ու զայն ընթերցելը Պրն. Մանուկեան համարեց հարստութիւն: Ան յորդորեց նաեւ տօնելի առիթներուն, նուէրներու ընտրութեան համար յաճախ դիմել հայ գիրքին:
Աւարտին վարժարանի Ա-Զ աշակերտներուն նուիրուեցան գիրքեր ու խտասալիկներ (CD): Խտասալիկները կը պարունակեն Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթները՝ Քուէյթի Ազգային Վարժարանի աշակերտներուն ձայնով: