Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան տարեկան 15րդ գիտական մրցանքին, ներկայացուած աշակերտական ուսումնասիրութեանց արժեւորումն ու մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Մարտ 6ին, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղի «Կրենտ» սրահին մէջ (18111 Nordhoff Street, Northridge, CA 91330):
Սոյն մրցանքին կրնան մասնակցիլ 6էն 12րդ դասարաններու հայ աշակերտներ՝ հայկական, պետական եւ սեփական վարժարաններէ:
Միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններու աշակերտներուն յատուկ եւ տարբեր բաժանմունքերու համար չորսական մրցանակներ պիտի յանձնուին՝ առաջին երեք դիրքերուն եւ պատուոյ յիշատակութեան մրցանակ։ Մրցանակներուն առընթեր յաջորդաբար պիտի շնորհուին նաեւ 50էն 500 տոլարի նիւթական նուէրներ: Ամենամեծ թիւով մրցանակակիրներ ունեցող վարժարանին պիտի յանձնուի 300 տոլարի մրցանակ մը։ Նոյն գումարով այլ նուէր մը պիտի յատկացուի այն ուսուցիչին, որ ունի ամենամեծ թիւով մրցանակներ շահած աշակետներ։
Մասնակիցները պէտք է իրենց դիմումնագիրները ամբողջացուցած ըլլան մինչեւ Փետրուար 23: Մասնակցութեան սակը 25 տոլար է. մասնակիցներուն պիտի մատուցուի կէսօրուան ճաշ։
Դիմումնագիրներէն օրինակ մը ստանալու համար այցելել www.aesa.org կայքը: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (818) 547-3372 թիւին եւ Science_Olympiad@aesa.org հասցէին: