Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Ամերիկահայ Ծաղկասայլի Ընկերակցութիւնը Կը Ծրագրէ Յաջորդ Հայկական Ծաղկասայլը

Ամերիկահայ ծաղկասայլի ընկերակցութիւնը (American Armenian Rose Float Association) կը յայտարարէ, թէ ընտրած է 2016-ի իր հոգաբարձութիւնը: Ընդլայնուած նոր հոգաբարձութեան անդամներն են Նուպար Տէր Պետրոսեան (նախագահ), Ստեփան Փարթամեան (գանձապահ), Ճանի Քանունճի (քարտուղար), Յակոբ Բարսեղեան (փոխնախագահ), Արեգ Ճերահեան, Մկօ Փանոսեան, Ռընէ Սիմոնեան եւ Արթուր Քոքոզեան, ինչպէս նաեւ նորընտիր անդամներ Մարի Տէր Բարսեղեան, Միքայէլ Իսրայէլեան, Յովհաննէս Ճէյ (Յովիկ) Չիմայեան, Քարմեն Լիպարիտեան եւ Էտի Զարացեան:

«Մեծապէս նուիրուած, տարիներ շարունակ համայնքային ծառայութիւն մատուցած եւ կամաւոր աշխատանքի բարձր ոգի մարմնաւորող անհատներու խումբ մըն է այս», կը յայտնէ հոգաբարձութեան նախկին նախագահ ընկեր Ստեփան Փարթամեան եւ կ՛աւելցնէ. «Վստահ եմ, որ մեր նոր հոգաբարձութիւնը իր անխոնջ գործունէութեան շնորհիւ, համայնքին նեցուկը պիտի ապահովէ՝ հայկական երրորդ ծաղկասայլի կառուցման եւ Փասատինայի յաջորդ Վարդատօնին մասնակցելու համար»:

Ակնարկելով գալիք ծրագիրներուն Նուպար Տէր Պետրոսեան կը յայտնէ. «Արդէն իսկ սկսած ենք քննարկելու հայկական նորագոյն ծաղկասայլին վերաբերող քանի մը հոյակապ գաղափարներ, եւ կը բաժնենք մեր հարիւրաւոր կամաւորներուն ու բարերարներուն մեծ խանդավառութիւնը՝ ցարդ ամէնէն գեղեցիկ հայկական ծաղկասայլը ստեղծելու հեռանկարով»:

 

Ամերիկահայ ծաղկասայլի ընկերակցութեան առաքելութիւնն է ամէն տարի դրամահաւաքներ կազմակերպելով՝ իրականացնել հայկական ծաղկասայլի կառուցումն ու Վարդատօնին մասնակցութիւնը: Այս տարի ընկերակցութիւնը պէտք է 300,000 տոլար հանգանակէ՝ նուիրատուութիւններու եւ առեւտրական հովանաւորութիւններու շնորհիւ: Այս նպատակին համար ընկերակցութիւնը մեկնարկած է Հայկական ծաղկասայլի դեսպանութեան ծրագիրը, որուն ընդմէջէն կամաւոր անհատներ կրնան իրենց ապրած քաղաքներու դեսպանները դառնալ՝ հայկական նորագոյն ծաղկասայլին համար առնուազն 3000 տոլար հաւաքելով:

«Յաջորդ Վարդատօնին մասնակցելով՝ հայկական ծաղկասայլը պիտի ներկայանայ երկրագունդի տարածքին հարիւրաւոր միլիոն հանդիսատեսներու։ Լոկ 300,000 տոլար ծախսելով՝ պիտի կարենանք ձեռք բերել այնպիսի համաշխարհային տեսանելիութիւն, որ այլապէս միլիոնաւոր տոլարներ պիտի պահանջէր», կը յայտնէ ընկեր Փարթամեան։

Դեսպանութեան ծրագիրով հետաքրքրուողները կրնան կապուիլ ընկերակցութեան հետ՝ info@ aarfa.org հասցէով, իսկ տուրքէ զերծ այլ նուիրատուութիւններ կարելի է կատարել aarfa.org կայքին վրայ, կամ նուէրը ուղարկել AARFA, P. O. Box 60005, Pasadena, CA 91116 հասցէին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին