Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

Ախալքալաքի Երիտասարդական Կեդրոնի Սաները Եւ Ուսուցիչները Ծաղիկներ Դրին Մ. Մաշտոցի Արձանին

Փետրուար 17-ը հայ գիրերու գիւտի հեղինակ, հայերու առաջին ուսուցիչ, լուսաւորիչ եւ քրիստոնէութեան քարոզիչ Մեսրոպ Մաշտոցի մահուան օրն է: Այդ օրը Ախալքալաքի մէջ առիթ դարձած է յիշելու եւ մեծարելու այս մեծանուն հայը:

Akhaltskha.net-ի տեղեկութիւններով Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոնի (ԱԵԿ) կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկը՝ առաջին անգամ ըլլալով կ՛իրականանար կրթամշակութային կեդրոնին մէջ, սակայն ան վերջինը չէր, քանի որ անիկա այսուհետեւ պիտի ստանայ պարբերական բնոյթ, եւ այս օրը պիտի նշուի ամէն տարի:

Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոնի սաները եւ ուսուցիչները ծաղիկներով այցելեցին Ախալքալքի կեդրոնը տեղադրուած Մ. Մաշտոցի արձանը: Այնտեղ Տէր Տաթեւ քահանայ Մարուքեան, ԱԵԿ-ի պատմութեան ուսուցիչ Վաչագան Ռստակեանի հետ՝ ներկայ սաներուն համար ներկայացուց Մաշտոցի կեանքն ու անոր մեծ դերը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, որուն անդրադարձած են մեր հայ գրողները՝ Պարոյր Սեւակ «Եւ այր մի Մաշտոց» երկով, Սիամանթօ «Սուրբ Մեսրոպ» պոէմով եւ Յովհաննէս Շիրազ «Հայոց հրաշք» պոէմով:

Ձեռնարկի աւարտին կեդրոնի աւագ սաները Մեծ Հայուն նուիրուած բանաստեղծութիւններ արտասանեցին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին