Աւարայրի հերոսամարտը մեր ոգեղէն գոյութեան, հայ ժողովուրդին աննկուն կամքին եւ անընկճելի հաւատքին փաստն է: Այս հաւատքով ոգեւորուած Հինգշաբթի, 11 Փետրուար 2016–ին, Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի աշակերտները արժանաւոր կերպով նշեցին Սրբոց Վարդանանաց Տօնը:
Օրուան բանախօսն էր Տէր Սարգիս քահանայ Սարգիսեանը, որ հակիրճ ձեւով փոխանցեց օրուան խորհուրդը, անդրադառնալով պատմական անցեալին, խօսելով Վարդանանց հերոսամարտի ճակատագրական էութեան մասին, ապա թելադրեց աշակերտներուն, որ Վարդանի ոգին վառ պահեն իրենց մէջ, տէր ու պաշտպան կանգնին մեր լեզուին, կրօնքին եւ Հայրենիքին:
Տէր Հօր պատգամէն ետք գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան նախակրթարանի աշակերտները: Գ. Դասարանէն Սեւան Փափազեան մեներգեց «Իմ հայրենեաց հոգի Վարդան»ը, ապա Գ. Կարգի աշակերտները բեմականացուցին Վարդանի ճառը, ներկայացուցին խմբային արտասանութիւն մը «Արի հայեր» խորագիրով եւ խմբերգեցին «Մենք քաջ Վարդանի տոհմէն ենք» երգը: Վարժարանիս Ե. Կարգի աշակերտները երգեցին «Հիմի էլ լռենք» երգը, այնուհետեւ Արման Փարթամեան եւ Շիրազ Տէմիրճեան ներկայացուցին երկխօսութիւն մը որդի եւ հօր միջեւ, ուր վերջինս կը յորդորէր իր զաւակը ըլլալ քաջ Վարդանի նման: Զ. Դասարանի աշակերտները յայտագիրին իրենց մասնակցութինը բերին խմբային արտասանութեամբ, անոնք ներկայացուցին Վահան Թէքէեանի «Խորհուրդ Վարդանանաց»ը եւ հրաշալի շուրջպարով փակեցին յայտագիրը:
Հուսկ խօսք առաւ վարժարանիս Տնօրէնուհի Տիկ. Մարալ Պալեօզեանը, որ բարձր գնահատեց աշակերտներուն ներկայացումը եւ ըսաւ, որ Վարդանանց դիւցազնամարտին նուիրուած այս տօնակատարութիւնը ազգային հերոսները փառաբանելու, ինչպէս նաեւ հայոց պատմութեան պանծալի մէկ էջը պայծառացնելու հանդիսութիւն մը եղաւ: Յարգելի Տնօրէնուհին մաղթեց, որ Կարմիրեան վարժարանի աշակերտները դառնան վաղուան Վարդաններ եւ տէր կանգնին իրենց ազգին ու Հայրենիքին: