Վան նահանգի Խոշապի բերդի վերանորոգման աշխատանքներուն ընթացքին, 4 սափորներով պանիր յայտնաբերած են:
Թրքական Orghaber կայքի փոխանցմամբ` Վանի Հարիւրամեայ համալսարանի արուեստի պատմութեան բաժանմունքի ղեկավարի գլխաւորութեամբ, Արարատեան (Ուրարտու) թագաւորութեան ժամանակ կառուցուած Խոշապի բերդին մէջ իրականացուող վերանորոգման աշխատանքներու ժամանակ՝ յայտնաբերուած է 4 սափորներով պանիր: Այս մասին կը գրէ news.am-ը:
Ուսումնասիրութեան ժամանակ պարզուած է, որ պանիրները ունին 250-ամեայ պատմութիւն: Կը նշուի, որ պանիրները եղած են մինչեւ հիմա յայտնի «Վանի ժաժիկ» տեսակը: