Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

Դոկտ. Ժան Կէօքճեան Դասախօսեց Մեսրոպեանի Աշակերտներուն

Արցախեան Շաբթուայ ձեռնարկներու ծիրին մէջ Երեքշաբթի, 18 Փետրուար 2016-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը հիւրընկալեց՝ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի դասախօս դոկտ. Ժան Կէօքճեանը, որ բանախօսութեամբ մը հանդէս եկաւ երկրորդական բաժինի աշակերտներուն համար:

Ֆարաճեան սրահին մէջ կայացած հանդիպումին դոկտ. Կէօքճեան, որ հեղինակ է Արցախեան խնդիրին վերաբերող շարք մը գիրքերու, աշակերտներուն բացատրեց Արցախեան պահանջատիրութեան ակունքները, պայմաններն ու հոլովոյթը: Ապա ան ներկայացուց քաղաքական, իրաւական եւ ազգային գնահատականը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան՝ շեշտելով, որ անիկա մարմին առաւ պարտադրուած պատերազմի պայմաններուն մէջ, յամառ ու անզիջում պայքարի շնորհիւ եւ  ի գին շատ մեծ զոհողութիւններու: Բանախօսը շեշտեց, որ ԼՂ Հանրապետութեան գոյութիւնը հայութեան համար անշրջելի իրողութիւն է, որուն հետ հաշուի պարտաւոր է նստիլ նաեւ միջազգային հանրութիւնը: Ան ըսաւ, որ հայրենի ժողովուրդին կողքին, Արցախեան պայքարին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Սփիւռքի հայութիւնը՝ քարոզչական-քաղաքական զօրակցութեամբ, տնտեսական օժանդակութիւններով թէ մարտի դաշտին վրայ:

Հանդիպումի բացման խօսքին մէջ, Մեսրոպեանի աշակերտ Շնորհք Չերչեան յատկապէս խօսեցաւ  Արցախեան պայքարին մէջ հայութեան միասնականութեան եւ այժմու պայմաններուն մէջ՝ Հայոց բանակի կատարած հերոսական գործողութիւններուն մասին, ի պաշտպանութիւն Արցախի հողին եւ բնակչութեան: Գեղարուեստական մասով ելոյթ ունեցան Էլի Թորանեան (ասմունք) եւ Արմիկ Հեքիմեան (նուագ): Այս առիթով աշակերտները դիտեցին Ֆրանասկան պատկերասփիւռի կայանին մէկ տեղեկագրական ակնարկը Ղարաբաղի մասին եւ հատուածներ Ստեփանակերտի մէջ Պաշտպանական բանակի զօրահանդէսէն:

Փակման խօսքին մէջ վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ ողջունեց՝ ազատագրակական պայքարի մասնակիցներն ու հայոց բանակի ծառայողները, որոնց շնորհիւ այսօր կայ Հայաստան եւ Արցախ ու անոնց կողքին Հայ Սփիւռք:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

????????????????????????????????????

2

5

????????????????????????????????????

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին