2016 թուականին եւրոպացի զբօսաշրջիկները պիտի ծանօթանան Գորիսի շրջակայքի լեռնային արահետներուն: Այս մասին ըստ News.am-ի յայտնած է՝ Հայ զբօսավարներու ընկերակցութեան նախագահ Լիա Բախշինեանը:
«Մենք հիմնականօրէն արշաւներ կը կազմակերպենք դէպի Արագած: Այս մէկը շատ տարածուած երթուղի է: Իսկ հիմա կը պատրաստուինք արշաւներու սիրահարներուն ծանօթացնել Գորիսը: Արդէն հետիոտնի համար նախատեսուած արահետներով երթուղիներ կազմած ենք, բայց դժուար ճամբաներ են: Այդ պատճառով հարկաւոր է պատրաստուիլ զբօսաշրջիկներու ժամանելուն», նշած է Բախշինեան:
Հայաստանի լեռներու կուսական արահետները առ այժմ եւրոպացիներուն աւելի քիչ կը գրաւեն, քան աւանդական շրջայցերը, այդ պատճառով քիչ է նաեւ մասնագիտական զբօսավար-ուղեկցորդներու թիւը: Անոնք պէտք է կարենան վրաններ լարել (յաճախ արշաւները քանի մը օրեր կը տեւեն), խարոյկ վառել, ճանչնալ ճամբաները, անհրաժեշտութեան պարագային առաջին օգնութիւն ցոյց տալ: Եւ ի հարկէ պէտք է իրենք ալ ուսապարկով ճամբորդութեան փորձ ունենան:
2008 թուականին USAID/CAPS ծրագիրի ծիրէն ներս՝ քանի մը ուղեկցորդներ վերապատրաստուած են Ֆրանսայի մէջ: Հիմա անոնք կը պատրաստեն սկսնակները:
«Այդ մասնագիտացմամբ կրթութիւնը թանկ հաճոյք է, այդ պատճառով մեզի շատ կ’օգնէին նուիրաբերուող նոր նախագիծերը: Այդ մէկը առանձին մասնագիտութիւն է, որ կ՛իւրացնեն տարիներու ընթացքին: Այդ պատճառով ալ որպէս կանոն, խումբին հետ կը ղրկենք երկու զբօսավարներ. մէկը դասական զբօսավար, որ լեզու գիտէ եւ ճամբուն վրայ կրնայ պատմել երկիրի եւ շրջանի մասին, միւսը ուղեկցորդ», պարզաբանած է Հայ զբօսավարներու ընկերակցութեան նախագահը:
Հայաստանի լեռնային գօտիները շատ կը սիրեն Ֆրանսայէն, Նիտըռլանտներէն, Իտալիայէն, իսկ վերջին շրջանին նաեւ Ռուսաստանէն ժամանող զբօսաշրջիկները:
«Արշաւները կը կազմակերպենք հիմնականօրէն ամրան: Ամառը լեռներու վրայ մշուշ կ՛իջնէ, յաճախ նաեւ կայծակ կ՛ըլլայ: Այդ պատճառով արշաւները կը կազմակերպենք ամրան, շատ քիչ նաեւ գարնան եւ աշնան առաջին կիսուն», ընդգծած է Բախշինեան: