Ուրբաթ, 24. 01. 2025

spot_img

Սրբոց Վարդանանց Տօնակատարութիւնը Սամուէլ Մուրատեան Վարժարանէն Ներս

Շաբաթ, 7 Փետրուարին, Փարիզի Սամուէլ Մուրատեան վարժարանի Նախակրթարանի եւ  Միջնակարգի աշակերտները կոկիկ հանդէս մը պատրաստած էին՝ իրենց դասընկերներուն համար  ուսուցչուհիներուն հսկողութեամբ, իրենց  հանդիսասրահին մէջ ուր բոլոր աթոռները գրաւուած էին: Այս մասին «Հայերն Այսօր»ին  յայտնած են Սամուէլ  Մուրատեան  Վարժարանէն:

Այս ամսուան  դասախօսութեան  որպէս  հերթական նիւթ,  Տեսուչ Վարդապետ Հայր Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեանը  ընտրած էր  Վարդանանց Հերոսամարտը ներկայացնել ոչ միայն որպէս  Բարոյական՝  այլ նաեւ  ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ  ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿ, պատմականօրէն բացատրելով, թէ ինչպէս  Աւարայրի հերոսական ճակատամարտէն վերջ, ՀՄԱՅԵԱԿ  Մամիկոնեան` Վարդանի եղբայրը, Հայոց ցրուած բանակը  վերակազմելով՝ սկիզբ տուաւ ԲԵՐԴԵՐՈՒ  ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ՝ փոքրաթիւ գունդերով ֆետայական  ճակատամարտեր մղել Հայաստանի լեռներուն եւ ձորերուն անծանօթ ու անվարժ  պարսիկ բնակին դէմ, որ ամէն ընդհարումներուն մեծ կորուստներ տալով սարսափած օրեր կ`ապրէին, մանաւանդ ՈՂՋՆԱՀԱՂԻ չարաչար պարտութենէն ետք։
Մինչ այդ Յազկերտի յաջորդած էր Պերոզ, որ ամէն գինով կը փորձէր ընկճել ապստամբ հայերը։ Ան իր դէմ գտաւ Հմայեակի աւագ որդին` Վահան Մամիկոնեանը, որ գլուխ անցնելով երկրորդ ապստամբութեան, փայլուն յաղթանակներ տարաւ Ակոռիի, Ճարմանայի, Մկնառինճի, Դուինի, Երէզի եւ Շտէի ճակատամարտերուն, ի վերջոյ 484ին խաղաղութեան դաշինք կնքուեցաւ երկու երկիրներու միջեւ՝ գոհացնելով հայերու ԲՈԼՈՐ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐԸ։
Աւարայրի պատերազմը 33 տարիներ ետք ՆՈՒԱՐՍԱԿԻ խաղաղութեան դաշինքով ՅԱՂԹԱԿԱՆ դուրս եկաւ:

Հանդիսութեան գեղարուեստական բաժինը  ապահովեցին ամէնուս ծանօթ, վարդանանց դասական երգերով եւ խմբերգերով մանկապարտէզի ու միջնակարգի աշակերտները՝ Ալիշանի տաղերով եւ Ալէմշահի երաժշտութեամբ։

Վարժարանի լուսանկարիչ Ա. Արզոյեան  եկած էր յաւերժացնելու իր ոսպնեակով օրուան հանդիսութիւնը:

«Հայերն Այսօր»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին