Սուրիահայութեան օժանդակութեան ձեռք երկարելու նպատակով, Պոլսահայ միութիւնը յատուկ դրամահաւաք մը պիտի կազմակերպէ. հաւաքէն գոյացած գումարը պիտի նուիրուի ՍԱՐՖի վերոնշեալ պատկերասփիւռային դրամահաւաք-թելեթոնին:
Հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Պոլսահայ միութեան կեդրոնի մէջ, Հինգշաբթի, 18 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 7։30էն սկսեալ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (818) 342-0110 թիւին:
Պոլսահայ միութեան կեդրոնի հասցէն է՝ 19726 Sherman Way, Winnetka, CA 91306: