Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Սփիւռքագիտութեան Եւ Սփիւռքի Հայագիտական Կեդրոններուն Առնչուող Հարցերուն Վերաբերեալ Սեմինար

Փետրուար 8-ին ՀՀ ԳԱԱ Հ. Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկին մէջ տեղի ունեցած է սեմինար, որու ընթացքին քննարկուած են սփիւռքագիտութեան, Սփիւռքի հայագիտական կեդրոններուն, Արեւմտեան Հայաստանի եւ հայերէնի գոյատեւման առնչուող հարցեր: Բանախօսները եղած են հայոց լեզուի պատմութեան բաժինի վարիչ Գայիանէ Մխիթարեանը, արեւմտահայերէնի բաժինի աւագ գիտաշխատող Սուսաննա Տիոյեանը եւ բարբառագիտութեան բաժինի աւագ գիտաշխատող Հայկանոյշ Մեսրոպեանը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ ԳԱԱ Հ. Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի գիտաշխատող Գարիկ Մկրտչեանը։

Սուսաննա Տիոյեանի զեկուցումը վերաբերած էր վերջերս ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան մէջ կայացած աշխատաժողովի ընթացքին, իրլանտական Diaspora Matters կազմակերպութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն Քինկսլի Այքինսի կարդացած դասախօսութեան` նուիրուած Սփիւռքի առանձնայատկութիւններուն (տարբեր ժողովուրդներու պարագային), ներկայիս աշխարհի մէջ մեծ տարածում ունեցող այդ իրողութեան ձեւաւորման ու փոխակերպումներու պատմութեան, Հայրենիքի հետ Սփիւռքի կապին, դերին ու ներուժին: Լեզուի ուսումնարանի գիտաշխատողներուն փոխանցելով Քինկսլի Այքինսի դասախօսութենէն ստացած իր տպաւորութիւնները` Ս. Տիոյեանը որոշ մանրամասներ ներկայացուցած է իրլանտացի սփիւռքագէտի հետազօտութիւններէն:

Անդրադառնալով Սփիւռքի հայագիտական կեդրոններու գործունէութեան`  Գ. Մխիթարեանը ներկայացուցած է անոնց կազմակերպական ու կառուցուածքային առանձնայատկութիւնները, ստեղծման հիմքերը, հաստատութիւններուն առջեւ ծառացած խնդիրները, ինչպէս նաեւ անոնց հետ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները: Բանախօսին մատուցմամբ Սփիւռքի հայագիտական կեդրոնները եւ գիտահետազօտական ու կրթական հաստատութիւնները՝ ծաւալուն գործունէութիւն կ՝իրականացնեն հայապահպանութեան, հայոց լեզուն ու գրականութիւնը, հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ու մշակոյթը պահպանելու եւ տարածելու ուղղութիւններով, հանդէս կու գան հայանպաստ ձեռնարկներով: Ներկայիս աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կան ինը տասնեակէ աւելի նման կառոյցներ, որոնց մէկ մասը հայագիտական ինքնուրոյն կեդրոններ են, իսկ միւսները կը գործեն այլ հաստատութիւններու (ինչպէս հայկական, այնպէս ալ օտար) կազմի մէջ:

Հ. Մեսրոպեան տեղեկութիւններ հաղորդած է Թուրքիոյ մէջ հայերէնի վիճակի եւ հայոց լեզուի ուսուցման խնդիրներուն վերաբերեալ: Ան փաստած է, որ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ կը շարունակեն ապրիլ հազարաւոր հայեր, որոնք թէեւ կորսնցուցած են մայրենին ու դաւանափոխ եղած, սակայն պահպանած են իրենց ազգային ինքնագիտակցութիւնը եւ հնարաւորութեան պարագային աստիճանաբար կրնան վերադառնալ իրենց բնիկ էութեան եւ արմատներուն: Նշուած է նաեւ, որ որոշ տարածքներու մէջ այս կամ այն չափով ու եղանակով հայերէնը այնուամենայնիւ դեռ կը գործառէ:

Բանախօսները պատասխանած են ունկնդիրներուն հետաքրքրող հարցերուն, ծաւալած է միտքերու փոխանակում ու քննարկում:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին