Կիրակի, 22. 06. 2025

spot_img

Սոֆիայի Մէջ Հայ Համայնքը Նշած Է Բարեկենդանը

Պուլկարիոյ մայրաքաղաքի հայկական Ազգային տան դահլիճին մէջ նշած են Բուն Բարեկենդանի տօնը: Ինչպէս «Հայերն Այսօր»ին կը հաղորդեն Սոֆիայի իր սեփական աղբիւրները, արդէն աւանդական դարձած դիմակներով երեկոյթի կազմակերպիչն է՝ Սթեփաննոս Յովակիմեանի անուան հայկական աշակերտական ընկերակցութիւնը, որ այս տարի կը նշէ 20-ամեայ յոբելեանը:

Հիմնականին մէջ Հայոց լեզուի դասաւանդմամբ զբաղող կազմակերպութիւնը, 2002 թուականէն սկսեալ նաեւ կը նախաձեռնէ նոր սերունդին ազգային աւանդական տարբեր տօներուն ծանօթացնելու միտուած ձեռնարկներ: Սոֆիայի Ազգային տան դահլիճին մէջ այս տարի Բարեկենդանի սեղանը օրհնեց թեմի առաջնորդը` Տ. Իսահակ վրդ. Պօղոսեան, ապա դիմակներու մրցոյթով բացուեցաւ երեկոն:

Երեկոյի ընթացքին ներկաները մասնակցեցան զուարճալի խաղերու, տօնական խաղարկութեան ու պարեցին աւանդական դարձած Գատրիլը (զուարճալի պարատեսակ): Վերոնիք Պոստանճեանի նուիրուած «Ախթամար» նկարը աճուրդին շահեցաւ Ա. Սթեֆանովը: Երաժշտական մասը կ’ապահովէին Ալիս Գարակէօզեան, Վէսելինա Գուրտեան եւ Վարդեվարեան ընտանիքը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին