Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Սմիթսոնիըն Հիմնարկը Հետաքրքրուած Է «Տաթեւի Վերածնունդ» Ծրագիրով

ԱՄՆի Սմիթսոնիըն հիմնարկի (Smithsonian Institution) ներկայացուցիչները այցելած են Տաթեւի վանք եւ ծանօթացած «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագիրին:

Ըստ «Մետիամասք»ի, որ կը վկայակոչէ IDeA հիմնադրամի հաղորդագրութիւնը, Սմիթսոնիըն հիմնարկի  ներկայացուցիչներուն այցը կայացած է ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID ) աջակցութեամբ իրականացող՝ «Իմ Հայաստան» (My Armenia) մշակութային զբօսաշրջութեան զարգացման ծրագիրի ծիրէն ներս:

IDeA հիմնադրամի զբօսաշրջային ծրագիրներու ղեկավար Արմինէ Իսրայէլեան ըսած է, որ Տաթեւի տարածաշրջանը մշակութային զբօսաշրջութեան զարգացման լուրջ հնարաւորութիւններ ունի:

Փետրուար 14-ին Տաթեւի վանքին մէջ վանահայր Միքայէլ վարդապետ Գէորգեանի ձեռամբ, նորապսակներու համար օրհնութեան կարգ կատարուած է:

IDeA հիմնադրամի «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագիրի նախաձեռնութեամբ, արդէն երկրորդ տարին է, որ Տեառնընդառաջի տօնը առանձնայատուկ կերպով կը նշուի Տաթեւի մէջ: Նորապսակներու եւ հիւրերու համար կազմակերպուած էր տօնական  համերգ, հիւրասիրութիւն,  ազգային տարազներով լուսանկարուելու հնարաւորութիւն:

«Այս միջոցառումները կը նպաստեն եկեղեցւոյ շուրջ համախմբման եւ մեր հին աւանդոյթներու վերականգնման: Լիայոյս ենք, որ Տեառնընդառաջի տօնին տարածաշրջանի համայնքներու երիտասարդ զոյգերու համախմբուած այցը եկեղեցի՝ գեղեցիկ աւանդոյթ կը դառնայ», ըսած է Միքայէլ վարդապետ Գէորգեան:

«Արդէն երկրորդ տարին է, որ կը կազմակերպենք այս միջոցառումը եւ մտադիր ենք զայն աւանդական դարձնել: Ազգային մշակոյթի հետ փոխկապակցուող միջոցառումները հետաքրքրական են նաեւ զբօսաշրջիկներու համար, եւ յոյս ունինք, որ տարիներ անց ան իւրօրինակ տօն կը դառնայ, որ կը խթանէ զբօսաշրջիկներու հոսքը տարածաշրջան,  նոյնիսկ  զբօսաշրջային ոչ աշխոյժ ժամանակաշրջանին», նկատել տուած է «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագիրի ղեկավար Հայկ Թութունճեան:

Սմիթսոնիըն հիմնարկը  հիմնադրուած է 1846 թուականին: Ան աշխարհի ամենամեծ թանգարանն ու հետազօտական համալիրն է, որու կազմին մէջ կը մտնեն 19 թանգարաններ եւ պատկերասրահներ, Ազգային կենդանաբանական այգին եւ ինը հետազօտական հաստատութիւններ: Սմիթսոնիըն հիմնարկը ունի 6,400 աշխատողներ, որոնց մէջ մօտ 500 գիտնականներ եւ աւելի քան 5,500 կամաւորներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին