Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

Շարլ Ազնաւուր CNN-ի Եթերով Խօսած է Թուրքիոյ Կողմէ Ցեղասպանութեան Ճանաչման Անհրաժեշտութեան Մասին

Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր ամերիկեան հեղինակաւոր CNN հեռուստաալիքին հարցազրոյց մը տուած է` անդրադառնալով Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրին: Լրագրողը յիշեցուցած է, որ աշխարհահռչակ երաժիշտը 2015 թուականի Ապրիլ 24-­ին այցելած էր Հայաստան` մասնակցելու Ցեղասպանութեան 100-­րդ տարելիցի ձեռնարկներուն, որոնց ծիրէն ներս ըսած էր, որ իրեն համար կարեւոր չէ` արդեօք մարդիկ կը կիրառեն «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը, թէ ոչ, կարեւորը ճանչնալն է այն, ինչ որ եղած է:

«Դուք ամբողջովին ճիշդ էք: Ինչո՞ւ թուրքերը պէտք չէ ճանչնան կատարուածը: Ոչ ոք թուրքերուն կը հարցնէ, թէ ինչո՞ւ սպաննած են հայերը: Կրօնի՞ համար… չեմ կարծեր: Ես կարդացած եմ Ղուրանը` հասկնալու, թէ արդեօք կայ անոր մէջ որեւէ բան, սակայն չկար, հետեւաբար կրօնը պատճառ չէր կրնար ըլլալ,­ «Արմէնփրես»ի փոխանցմամբ ըսած է Ազնաւուր:

Այն հարցումին, թէ ինչ է իրեն համար հայ ըլլալը, շանսոնիէն նշած է, որ իրեն համար պակաս կարեւոր չէ ֆրանսացի ըլլալը, սակայն ինք ծագումով հայ է եւ երբեք ատիկա չի ժխտեր: «Ես հայ եմ եւ չեմ պատրաստուիր այդ մէկը մերժելու: Ան սարսափելի է: Ես չեմ սիրեր այն մարդոց, որոնք կը թաքցնեն որոշ բաներ` վախնալով չընդունուելէ: Դուն չես սիրե՞ր հայերը, ուրեմն ես գացի, յաջողութիւն»,­ նշած է Ազնաւուր:

CNN-­ի լրագրողը փորձած է հասկնալ, թէ ո՞րն է երգիչին յաջողութեան գաղտնիքը` հաշուի առնելով, որ անոր ստեղծագործական գործունէութեան ամենասկզբնական շրջանին քննադատները կ՛ըսէին, թէ ան «չափազանց տգեղ է, կարճահասակ եւ ունի ահաւոր ձայն»: «Ի դժբախտութիւն այդ բաները ըսող քննադատներուն, ես յաջողութիւն ունեցայ: Ես ամէն գիշեր մէկ ժամ գիրք կը կարդամ եւ եւս մէկ ժամ տարբեր լեզուներով նոր բան կը սորվիմ նախքան քնանալս»,- յայտնած է Ազնաւուր` աւելցնելով, որ այժմ կը փորձէ սորվիլ ռուսերէն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին