Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

Մանկավարժական Խորհուրդի Նիստ Վեսթերֆորտի Նոր Այգ Դպրոցին Մէջ

Միացեալ Հայերը Հոլանտայի մէջ (VAN) կայքէջի փոխանցմամբ, Վեսթերֆորտի Նոր Այգ դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ՝ Նիտերլանտներու Թագաւորութեան Հայկական մէկօրեայ դպրոցներու Հարթակի մանկավարժական խորհուրդի նիստը: «Մեր Հայրենիք» թեմայի ամփոփումը ներկայացուցին Նոր Այգ դպրոցի ուսուցչուհի Նինա Յովհաննիսեանն ու Ալմելոյի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց կիրակնօրեայ դպրոցի մանկավարժ Լալա Շահինեանը:

Քննարկումները անցան բաւական աշխոյժ ու բովանդակալից: Հարթակի մանկավարժները խօսեցան ու իրար տեղեկութիւններ հաղորդեցին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան ու Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուող ծրագիրներուն մասին: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ մասնակցելու  կողմերու դպրոցական ձեռնարկներուն, փոխադարձ դասալսումներու կազմակերպման, աշխատանքային փորձի փոխանակման, կարեւոր անցուդարձի մասին տեղեկութիւներու փոխանակման՝ Հարթակի «Ֆէյսպուք»ի էջին մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին