Փետրուար 15-ի գիշերը եւ լոյս 16-ին, Ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագծին վրայ, հակառակորդը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ՝ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 800 կրակոցներ:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամուլի ծառայութեան հաղորդած տեղեկութիւններով` Պաշտպանութեան Բանակի (ՊԲ) հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ հակառակորդը կիրառած է նաեւ Հան-17 տիպի նռնականետ:
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն լիակատար վերահսկողութիւն պահպանել առաջնագիծի վրայ եւ վստահօրէն իրականացնել մարտական դիրքերուն պահպանութիւնը: