Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Վիրահայոց Թեմը Շուրջ 250 Հազար Տոլար Ստացած է Վրաստանի Կառավարութենէն

Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմը 2015 թուականին 600 հազար լարի (մօտաւորապէս 250 հազար տոլար) նիւթական օգնութիւն ստացած է Վրաստանի կառավարութենէն:

Այս մասին ըստ «Արցախփրես»ի  յայտնած Է Վրաստանի կրօնական հարցերու պետական գործակալութեան ղեկավար Զազա Վաշախմաձէն, որ Փետրուար 15-ին տարեկան հաշուետուութիւն ներկայացուցած է կատարուած աշխատանքին մասին:

Ան նշած է, որ 2016 թուականին կրօնական միաւորումներուն պետութեան կողմէ յատկացուած նիւթական օգնութիւնը կազմած է՝ 4 միլիոն 500 հազար լարի (1,8 միլիոն տոլար): Անցեալ տարի համանման ցուցանիշը կազմած է 3 միլիոն 500 հազար լարի (1,4 միլիոն տոլար):

Այդ գումարէն մօտաւորապէս 890 հազար տոլարը յատկացուած Էր Վրաստանի իսլամական համայնքին, շուրջ 162 հազար տոլար Հռոմի կաթողիկէ եկեղեցւոյ համայնքին, աւելի քան 131 հազար տոլար` Վրաստանի հրէական համայնքին:

Նշուած գումարները նախատեսուած են հոգեւորականներու աշխատավարձի եւ անոնց կրօնական գործունէութեան, կրօնական շինութիւններու վերականգնման, կրօնական միաւորումներու կենցաղային ծախսերու, մշակութային եւ բարեսիրական գործունէութեան համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին