Կիրակի 14 Փետրուար 2016-ին, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ Տեառնընդառաջի տօնին առիթով, պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան, որ իր քարոզին մէջ ըսաւ.
«Այսօր այստեղ ներկայ եղող մեր մայրերը իւրաքանչիւրը մէկ անգամ աւելիով արդէն Աստուծոյ նուիրած է իր զաւակը: Մեզմէ իւրաքանչիւրը կրկին ու կրկին ընդառաջ եկած ենք Աստուծոյ առջեւ՝ այս եկեղեցւոյ Սուրբ յարկին տակ հաւաքուելով մեր անձերը ընծայելու Քրիստոսի օրինակին հետեւելով: Առաւել եւս այս եկեղեցւոյ ու համայնքի շուքին ներքեւ, շատ մը սերունդներ իրենց կեանքը նուիրեցին ազգային ու հոգեւոր արժէքներու պահպանման, սերունդներ՝ որոնք այլ սերունդներ պատրաստելով յանձնեցին ազգային ու հոգեւոր արժէքներու պահպանման կտակը, միշտ վառ պահելու Թեսաղոնիկէի Հայ համայնքի բոցավար ջահը: Եւ այսօր ինչպէս որ Քրիստոս ընծայուեցաւ տաճար, մենք ալ որպէս Քրիստոսի սիրեցեալ զաւակները կ՛ընծայուինք մեր եկեղեցւոյ եւ մեր համայնքին, այլ խօսքով մենք որպէս ընծայ կը ծառայենք մեր ազգային ու հոգեւոր արժէքներուն պայծառացման»։
Պատարագի աւարտին մանուկները ընծայուեցան Ս. Խորանին առջեւ եւ ապա եկեղեցւոյ բակին մէջ վառեցաւ Տեառնընդառաջի աւանդական խարոյկը:
Այս մասին կը յայտնէ Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Ֆէյսպուք»ի էջը: