Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Գերեզմաններ Տուներու Մէջ

*ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*

  • Ինչ կայ Յակոբ, ուշացար այսօր:
  • Այո. տղաս հիւանդ էր:
  • Ի՞նչ ըրիր:
  • Ի՞նչ պիտի ընեմ. տիկինիս հետբժիշկի ղրկեցի:
  • Այ մարդ, դուն ինչո՞ւ իրենց հետ չգացիր:
  • Ի՞նչ պիտի ընեմ երթամ. ես այսպէս պզտիկ բաներով չեմ զբաղիր որ:
  • Հապա ինչո՞վ կը զբաղիս:
  • Մեծ, կարեւոր բաներով:
  • Ասկէ աւելի ի՞նչ կարեւոր բան կրնայ ըլլալ,զաւակդ հիւանդ է, զաւակդ այ մարդ:
  • Բարեկամ անգամ մը շուրջդ նայիր, աշխարհը տակն ու վրայ է. ինծի պզտիկ, մանր-մունր բաներով զբաղիր մի ըսեր, հոգիդ սիրեմ:
  • Հաաա հասկցայ:

Այս բառերը մեր ականջներուն կատակի նման կը հնչեն, սակայն ըսուածը ցաւալի ճշմարտութիւն մըն է: Թէ տղամարդիկ կը սիրեն քաղաքականութեամբ հետաքրքրուիլ, այս անհերքելի ճշմարտութիւն մըն է: Բայց երբ այդ հետաքրքրութիւնը մոլութեան  վերածուի, այն ատեն  հիւանդագին կը դառնայ: «Ես ամէն առտու ժամը 6:30ին կ’արթննամ, միայն որպէսզի այսինչ ռատիոկայանին առաւօտեան  լուրերը լսեմ», կ՛ըսէ մէկը ու կ՛աւելցնէ, «որովհետեւ առտու կանուխ սփռուած լուրերը յատուկ կ՛ըլլան եւ չեն կրկնուիր»: Այ մարդ քու ինչի՞դ պէտք են այդ «յատուկ» լուրերը: Ըսենք թէ տեղեկացար այդ «յատուկ» լուրերուն. ի՞նչ կրնաս ընել: Դուն քաղաքագէ՞տ ես, Միացեալ Ազգերու պաշտօնեա՞յ ես, թէ ոչ ԱՄՆու ծերակուտական: Ինչի՞դ պէտք այս հիւանդութիւնը, որ քու եւ քու ընտանիքիդ գլխուն կը բերես: Կարծես քու առօրեայ ապրած ընկճուածութիւնդ բաւարար չէ, վրայէն ալ լուրերու ճնշումով ջիղերդ կը խանգարես: Բնականաբար այդ խանգարումը ընտանիքդ ալ հետդ պիտի հիւանդացնէ: Այս բոլորը ինչո՞ւ: Ըսեմ ինչու: Որպէսզի բարեկամներու հետ նստած ժամանակ, «ես ձեզմէ աւելի գիտեմ»ով հպարտանաս: Արդեօք այս բոլոր լուրերը լսելէ ետք, երբեք հարց կու տա՞ս դուն քեզի, թէ ինչո՞ւ այդքան կրքոտ եւ ջղագրգիռ եղած ես: Հարց կու տա՞ս, թէ ընտանիքդ գո՞հ է քու վիճակէդ: Առտու ռատիոյէն, կէսօրին չեմ գիտեր ուրկէ, իրիկունը հեռատեսիլէն մինչեւ ուշ ժամեր: Վերջը՞:

Հասկնալի է, թէ Լիբանանի մէջ կարելի չէ ապրիլ առանց անցուդարձերէ տեղեկանալու: Որպէսզի քու ձեռքովդտունդ գերեզմանի չվերածես լուրերու «կոյտեր»ով,ահաւասիկ տեղեկութիւններ ստանալու մի քանի գործնական թելադրութիւններ.

  1. Լուրերը ռատիոկայանէ կամ հեռատեսիլէ մի առներ. կամ եթէ անպայման կ’ուզես՝նուազ առ: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ խօսնակներու ձայնի եղանակը բաւական ջղագրգիռ է: Լուրերու գոյժը բաւարար է քեզի:
  2. Ամեն առտու «Զարթօնք»կարդայ, ուր առարկայական տեղեկութիւններկը գտնես, առանց կողմնակցութեան:
  3. Եթէ յաւելեալ տեղեկութիւն ուզես, կրնաս համցանցէն մի քանի տողեր կարդալ, ոչ աւելի:

Հոգիդ սիրես ձեռքովդ տանդ մէջ գերեզման մի փորեր լուրերու «իզրայէլ»ը  ներս հրաւիրելով:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին