Գանատական ընկերութիւնները կը շարունակեն հետաքրքրութիւն ցուցաբերել՝ Հայաստանի արդիւնաբերութեան տարբեր բնագաւառներու նկատմամբ, մասնաւորաբար հանքարդիւնաբերական ոլորտի մէջ: Այս մասին ըստ ՀՀ ԱԳՆ մամուլի եւ տեղեկատուութեան հետ կապի վարչութեան տեղեկութիւններուն, Փետրուար 15-ին Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Տիոնի հետ հանդիպման ժամանակ՝ նշած է Գանատայի մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեանը:
Կողմերը գոհունակութեամբ արձանագրած են քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացման փաստը, որուն ապացոյցն է փոխայցելութիւններու քանակի աճը երկու երկիրներուն միջեւ: Դեսպան Եգանեանը նշած է, որ 2015-ի ընթացքին Գանատա այցելած են ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Երուանդ Զախարեանն ու Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը, ինչպէս նաեւ կայացած է Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի պաշտօնական այցը: Միաժամանակ դեսպանը ողջունած է նախորդ տարուան ընթացքին տեղի ունեցած գանատական երկու պատուիրակութիւններու այցը Հայաստան` նախարարներ Քրիս Ալեքսանտրի եւ Քրիստիան Բարատիի ղեկավարութեամբ: Նշուած է վերջին տարիներու ընթացքին երկկողմ առեւտրատնտեսական կապերու մէջ արձանագրուած առաջընթացը, որուն վկայութիւնն է 2015-ի գանատական առաջին առեւտրատնտեսական առաքելութեան այցը Հայաստան: Դեսպանը ընդգծած է, որ գանատական ընկերութիւնները կը շարունակեն հետաքրքրութիւն ցուցաբերել՝ Հայաստանի արդիւնաբերութեան տարբեր բնագաւառներու նկատմամբ, մասնաւորաբար հանքարդիւնաբերական ոլորտի մէջ:
Նախարար Տիոնի խնդրանքով դեսպան Եգանեան ամփոփած է 2015-ի ընթացքին Հայաստանի եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու, ներառեալ Գանատայի մէջ կայացած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են 2015-ի Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ կայացած՝ Ֆրանքոֆոնիայի 31-րդ նախարարական համաժողովի արդիւնքները:
Կողմերը համաձայնած են շարունակել աշխատանքները` ինչպէս երկկողմ քաղաքական երկխօսութիւնը առաւել զարգացնելու, այնպէս ալ առեւտրատնտեսական կապերը ամրապնդելու ուղղութեամբ:
Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանային այլ արդի խնդիրներու: