Կիրակի, 22. 06. 2025

spot_img

Փափաքս է…

*ՍԵՒԱԿ  ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Շաբաթավերջին  Հալէպի  ընդհանուր իրավիճակը  դարձեալ  լարուած  էր: Հայորդի մը դարձեալ զոհ գնաց այնտեղ տեղի ունեցող պատերազմի մը, որ Հալէպահայ գաղութին չի վերաբերիր:

Հակառակ հակասական լուրերուն՝ ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ արհաւիրքին, դէպքերու զարգացումները՝ Ռուսիոյ միջամտութիւնը, հոն ցամաքային ուժեր ղրկելու Սէուտական Արաբիոյ յուշումը, Արաբական թերակղզիի հիւսիսային բաժինին մէջ՝ ռազմական փորձերու պիտակին տակ տեղի ունեցող զինուորական հսկայական եռուզերը, դժբախտաբար մօտս այն տպաւորութիւնը կը ձգեն, թէ Սուրիոյ պատերազմը ոչ թէ իր աւարտին մօտեցած է, այլ նոր եւ բուռն թափով պիտի վերսկսի…:

Փափաքս է, որ յոռետեսութիւնս սխալ դուրս գայ եւ ալ չզոհուի ոչ մէկ անմեղ մանուկ կամ քաղաքացի… ոչ մէկ Հայորդի:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին