Կիրակի, 22. 06. 2025

spot_img

Ո՞վ ԷԱյս Տղուն Մայրը

*ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*

«Որովհետեւ մենք տղուն մայրն ենք, մենք պատրաստ ենք յանձն առնելու բոլոր տեսակի զոհողութիւններ…»: Լսած էք անշուշտ արաբական այս արտայայտութիւնը՝ أم ألصبي (տղուն մայրը)։ Գիտէք ի՞նչ կը նշանակէ այս ասացուածքը, կամ ուրկէ՞ եկած է:ՈւրեմնՍ. Գիրքը կը պատմէ, թէ Սողոմոն անունով թագաւոր մը կար, որ իր իմաստութեամբ հռչակ շահած էր: Այդ օրերուն երկու մայրեր, որոնք միեւնոյն յարկին տակ կը բնակէին, նոյն ժամանակին կը ծննդաբերեն երկու տղայզաւակներ: Երեկոյեան երբ մայրերէն մին կ’արթննայ իր զաւկին կաթ տալու համար, կը նկատէ, թէ որդին մահացած է: Կ’առնէ դիակը եւ իր դրացուհիին քնացած տեղին կը մօտենայ,իր մանուկին դիակը դրացուհիին ողջ երախային հետ կը փոխէ եւ կը վերադառնայ: Առաւօտուն երբ պատահածը կը բացայայտուի, կիները կռիւի կ’իյնան: Հարցը լուծելու համար իմաստուն թագաւորին կը դիմեն: Սողոմոն հնարք մը կը գտնէ հարցը լուծելու համար: Ան կ’ըսէ՝ այս մանուկը սուրով պիտի կիսենք եւ ձեզմէ իւրաքանչիւրդ մաս մը պիտի առնէ: Կեղծաւոր մայրը անմիջապէս կը համաձայնի: Իսկ մանուկին բուն մայրը կ’ըսէ՝ ոչ տէր արքայ, ես չեմ ուզեր ոչ մէկ մաս: Բաւարար է, որ որդիս ողջ մնայ, հոգ չէ թէ ուրիշի մօտ ըլլայ: Այն ժամանակ իմաստուն թագաւորը կը գիտնայ, թէ ով է մանուկին իսկական մայրը եւ անոր կը տրուի երախան:

Լիբանանի անձնուրաց պատասխանատուներ յաճախ կ’օգտագործեն այս ասացուածքը՝ որովհետեւ մենք տղուն իսկական մայրն ենք…: Ի սէր Աստուծոյ ոեւէ մէկը կրնա՞յ ըսել, որ այս Լիբանան կոչուած մանուկին իսկական մայրը ո՞վ է: Մանուկին գլուխը մահացու հիւանդութեամբ  բռնուած է, իրենք զիրենք մայր կոչողներուն հոգը նոյնիսկ չէ՝ զաւակը ապրի թէ՞ մեռնի. բայց երկուքն ալ կ’աղաղակեն, թէ իրենք են իսկական մայրը: Մանուկը աղբերու մէջ պիտի խեղդուի. բայց որո՞ւ հոգը:Երկու մայր կոչուածները անտարբեր են պատահածին հանդէպ: Մանուկը անօթի կը ճչայ, արդեօք լսող կա՞յ: Կարեւորը «մենք ենք մայրը» աղաղակելով ամբոխը խաբեն: Եթէ Լիբանանի մրցակից պատասխանատուներէն մէկը իսկական մայրը ըլլար, պիտի զիջէր իր առանձնաշնորհումներէնեւ բաւարարուէր «զաւակին» կեանքով:

Ի սէր Աստուծոյ կրնա՞յ մէկը օգնել ինծի եւ ըսել, թէ ո՞վ է այս տղուն մայրը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին