Շաբաթ, 05. 07. 2025

spot_img

Լիբանանի Մօտ ՀՀ Վսեմաշուք Դեսպան Աշոտ Քոչարեան Հրաժեշտի Այցելութիւն Տուաւ Թէքէեան Կեդրոն

Երէկ յետմիջօրէին Լիբանանի մօտ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը աւարտող՝ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան այցելեց Թէքէեան Կեդրոն հրաժեշտ տալու ՌԱԿի եւ ԹՄՄի ընտանիքին:

Մտերմիկ այս հանդիպումին ներկայ էին ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ ընկեր Յակոբ Գասարճեանը, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկեր Միքայէլ Վայէճեանն ու ՌԱԿի եւ ԹՄՄի ղեկավար շարք մը ընկերներ:

Վսեմաշուք դեսպանը դրուատիքով անդրադարձաւ իր պաշտօնավարութեան 6 տարիներու ընթացքին՝ ՀՀ դեսպանատան եւ ՌԱԿի ու ԹՄՄի Լիբանանի ընտանիքին միջեւ ստեղծուած համագործակցութեան ու սիրալիր կապի մասին:

Իրենց կարգին ընկերներ Գասարճեանն ու Վայէճեանը բարձր գնահատեցին վսեմաշուք դեսպանին առաքելութիւնը ամէն մակարդակի վրայ եւ երախտագիտութիւն յայտնեցին պարոն դեսպանին՝ իր եւ Լիբանանի գաղութի կառոյցներուն միջեւ ստեղծուած համագործակցութեան բարձր ոգիին համար:

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ արծարծելու  Հայաստանի, Լիբանանի եւ տարածաշրջանի այժմէական հարցերուն շուրջ նիւթեր:

mike tesban

Աւարտին ընկ. Վայէճեան ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անունով յուշանուէր մը յանձնեց Պրն. Քոչարեանին՝ յաջողութիւն մաղթելով անոր իր ապագայի դիւանագիտական գործունէութեան մէջ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին