Երէկ երեկոյեան Յորդանան վերադարձի ճամբուն վրայ, «Զարթօնք»ի խմբագրատուն այցելեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ Ամմանի Վահան Թէքէեան Մշակութային Միութեան ատենապետ Ընկեր Ներսէս Ներսէսեան:
Ընկեր Ներսէսեան շաբաթավերջին Պէյրութ կը գտնուէր իր դստեր՝ Մարալին հետ, մասնակցելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանին մէջ գումարուող՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի Իրագործումներու Արժեւորումին Նուիրուած Խորհրդաժողովին:
Յիշեցնենք, որ ընկեր Ներսէս Ներսէսեան նախագահն է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Տարելիցի Յորդանանի Կեդրոնական Յանձնախումբին, մինչ ընկերուհի Մարալը նոյն Յանձնախումբի քարտուղարուհին է, որ օր մը առաջ խորհրդաժողովին ներկայացուցած էր՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի տարելիցի Յորդանանի Կեդրոնական Յանձնախումբին զեկոյցը:
Մտերմիկ հանդիպումը առիթ մըն էր ընկեր Ներսէսեանին յատուկ՝ սրտբաց խօսակցութեամբ միասնաբար քննարկելու ընդհանրապէս Լիբանանի եւ Յորդանանի հայութիւնն ու մանաւանդ մեր կազմակերպութիւնը յուզող հարցեր:
Նշենք, որ ընկեր Ներսէսեան Մայիս ամսուան մէջ դարձեալ պիտի գտնուի Պէյրութ, մասնակցելու Հայկազեան Համալսարանի Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի կազմակերպած՝ «Հայերը Յորդանանի Մէջ» գիտաժողովին:
«Խմբ.»