Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Անթառամ Ծաղկեպսակներ…

Սուրիահայերու Հիմնախնդիրները Համակարգող Կեդրոն հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Լենա Հալաճեան կը գրէ

Հեռախօսս զնգաց:

Միւս ծայրը «Սուրիոյ Հայ Օգնութեան Հիմնադրամ»ի (SARF) ատենապետ Պրն. Ճոն Թիթիզեանն է.

– Բարեւ Լենա… բարեկամներէս Պետրոս Ղազարեանը մահացաւ: Ննջեցեալին հարազատներուն ցանկութիւնը այն է, թէ փոխան ծաղկեպսակի հանգանակուած ինն հազար տոլար գումարը յատկացուի՝ Սուրիոյ պատերազմի հետեւանքով Հայաստան տեղափոխուած Սուրիահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն, ձեր կազմակերպութեան  կը վստահիմ այս պարտականութիւնը:

Պահ մը կարկամեցայ, առաջ ցաւակցութի՞ւն յայտնէի, թէ շնորհակալութիւն, այս տխուր բայց միաժամանակ ուրախ լուրը լսելուս համար:

Պատշաճութիւնը կատարելէ ետք հիացմունքը պատեց զիս: Հիացմու՛նք ողբացեալի հարազատներուն հոգիի վեհանձնութեա՜ն նկատմամբ, վեհանձնութիւն, զոր կարող է վիշտը բարեգործութեամբ ամոքել, ու հազարաւոր մղոններ հեռաւորութեան վրայ գտնուելով հանդերձ կարեկցիլ տեղահանուած ազգակիցներուն:

Տօնական օրերու նախաշեմին, սոյն գումարով կեդրոնս հնարաւորութիւն ունեցաւ՝ 400 սուրիահայ ընտանիքներու տասը տեսականի պարունակող պարենային զամբիւղներով ապահովել, ինչպէս նաեւ 21 ընտանիքներ անհրաժեշտ կենցաղային պարագաներով օժտել եւ  3 ընտանիքներու բնակարանը տօնածառերով զարդարել:

Հիացմունքիս չափ ալ մեծ էր հոգեկան բաւարարութիւնս, լսելով օգտուողներուն աղօթքն ու ամանօրեայ բարեմաղթութիւնները՝ առ ողբեցեալի հարազատներն ու կազմակերպիչները:

Թող կարեկցանքի ջերմութենէն բխող ամէն մէկ ցաւակցական խօսք, իբրեւ անթառամ ծաղկեպսակ զարդարէ հանգուցեալին շիրիմն ու համբերութիւն պարգեւէ անոր հարազատներուն:

Գուցէ եւ օրինակը դառնայ վարակիչ:

«Հայերն Այսօր»

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին