Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Ամերիկահայ Ուսանողները Լոս Անճելոսի Մէջ Ցեղասպանութեան Ճանաչման Ուղղուած Լուռ Ցոյց Կազմակերպած Են

ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգի Լոս Անճելոս քաղաքի մէջ գտնուող Օքսիտենթըլ քոլեճի (Occidental College) Հայ ուսանողներու միութիւնը (ASA), Ճանսըն ուսանողական կեդրոնին մէջ լուռ ցոյց կարզմակերպած է` Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իրազեկուածութեան բարձրացման համար: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»­ը, այս մասին կը տեղեկացնէ քոլեճի պաշտօնական կայքը:

Մասնակից ուսանողները իրենց բերանները փակած են ժապաւէններով, որոնց վրայ գրուած են «ժխտում» եւ «արդարութիւն», ինչպէս նաեւ իրենց սպաննուած նախնիներու անունները: Անոնք նաեւ պահած են պաստառներ, որոնցմով կոչ ուղղած են աշխարհի տարբեր երկիրներու կառավարութիւններուն՝ չժխտելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

«Մեզի համար կարեւոր է փորձել եւ միաւորուիլ: Որքան աւելի շատ մարդ իմանայ այս մասին, այդքան աւելի շատ բան կրնանք ընե: Ես կը հաւատամ, որ նոր սերունդը մարդու իրաւունքներու հարցով ամբողջութեամբ այլ մտածելակերպ պիտի ունենայ», ըսած ­է Հայ ուսանողներու միութեան համանախագահ Լիզա Նաճարեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին